Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներթափանցման Հերթական Փորձ. Հայ Զինուոր Մը` Զոհուած

January 22, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

zoh-22115Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին, 20-էն 21 յունուարի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ  հակառակորդը զինադադարը խախտած է շուրջ 300 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 3000 կրակոց: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին  վստահօրէն կ՛իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու: Նախանցեալ գիշեր Քարվաճառի պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական ներթափանցման փորձի:   Հայկական յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին նկատած են հակառակորդին յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացքը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են  անոնց դիրքերը: Ցաւօք, տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին զոհուած է զինուոր` 1982 թուականին ծնած Նահապետ Ասատրեան, վիրաւորուած է 1973 թուականին ծնած Յովհաննէս Գասպարեան:   Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը բաժնէ կորուստին ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ասատրեանի ընտանիքին անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Այս մասին նշած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Պայմանագրային Զինուոր Մը Եւս`
Զոհուած

Ազրպէյճանցի արձակազէնի գնդակէն երէկ աւելի ուշ զոհուած է պայմանագրային զինուոր Արման Ուտումեան: Ան 34 տարեկան էր, Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չորաթան գիւղէն:

 

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փափաքին Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Վերսկսիլ Նախագահներու Մակարդակով» Կ՛ըսէ Հոկըն

Յաջորդը

Մինասեան. «Կարեւորը Գործին Ամբողջական, Խորքային Բացայայտումն Է»

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.