Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հայկական Կողմը Նախաձեռնող, Թրքական Կողմը Հակազդող

Յունուար 17, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
1
Share on FacebookShare on Twitter

11715khempԿալիփոլիի 100-ամեակի նշումին վերաբերող պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւնը բոլորովին յանկարծակի չէ: Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր առիթներով  այս յոբելեանին ակնարկութիւններ կատարած էին եւ նշումի որոշ նախաբան փոխանցած:

Հիմա այլեւս պարզ է, որ Կալիփոլին` իբրեւ հակակշիռ գործողութիւն, պետական յատուկ տարողունակութեամբ կը կիրարկուի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին դէմ: Անշուշտ, նախ եւ առաջ, 100-ամեակի երեւանեան նշումները շուքի մէջ ձգելու  նպատակ կը հետապնդէ Կալիփոլին, եւ միեւնոյն օրուան ընտրութիւնը շատ թափանցիկօրէն կը մատնէ առնուած քայլին բուն շարժառիթը:

Ուրեմն, 24 ապրիլի օրը աշխարհի պետութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են Թուրքիա` յիշատակելու համար Կալիփոլիի յաղթանակը եւ այդ յաղթանակին համար ինկած զոհերը:

Ճիշդ այստեղ է, որ Էրտողանի քարոզչաքաղաքական այս գործողութիւնը հայկական առումով կը կապուի առաջինին` «ընդհանուր ցաւ»-ին կամ հայ եւ թուրք զոհերու ընտանիքներուն ուղղուած նշանաւոր «ցաւակցագիր»-ին: Կալիփոլիի պատերազմին թրքական բանակներուն մէջ թուրքերու կողքին եղած են նաեւ թրքահպատակ այլազգիներ, որոնց շարքին` նաեւ ազգութեամբ հայեր: Զոհերու յիշատակումը եւս այստեղ ընդհանուր է թէ՛ թուրք եւ թէ՛ հայ, որոնք կռուած են «ընդհանուր հայրենիք»-ին` Թուրքիոյ համար: Կը թուի, թէ հայն ու թուրքը միեւնոյն քաղաքացիական հասարակութեան, միեւնոյն բանակին եւ միեւնոյն հայրենիքին պատկանելիութեան էրտողանական այս քարոզչութիւնը կը պահէ որոշ հետեւողականութիւն, սկսելով ցաւակցագիրէն անցնելու համար Կալիփոլի եւ այս բոլորին մէջ` ընդհանուր ցաւը կիսելու մնայուն մօտեցումի ընդգծում:

Այս հիմնաւորումով ալ Կալիփոլիի 100-ամեակին հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի նախագահը: Այստեղ արդէն պարզ կը դառնայ, որ հրաւէրին հրաւէրով պատասխանելու քայլն է, որ կ’առնէ Ծիծեռնակաբերդ հրաւիրուած Թուրքիոյ նախագահը:

Կալիփոլիով չ’աւարտիր անշուշտ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարողութիւնը սահմանափակել ուզող Անգարայի ծրագիրը: Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ցեղասպանութեան թրքական տարբերակներով նշումներ` ցուցադրելու համար Անգարայի հանդուրժողականութիւնը աշխարհին: Կը հետեւի «մշակութային դիւանագիտութիւն» բանաձեւով հրապարակ իջած տարբեր նախաձեռնութիւններու  կազմակերպման ծրագիրին գործադրութիւնը:

Չէ բացառուած, որ միեւնոյն պետութիւնը` հաւասար հեռաւորութիւն կամ հաւասար մօտիկութիւն ճշդելու ընկալեալ քաղաքականութեամբ, ապրիլ 24-ի օրը պատուիրակներ ուղարկէ թէ՛ Անգարա եւ թէ՛ Երեւան:  Այս մէկը, որքան ալ անհանգստացնէ հայկական կողմը, յամենայն դէպս չի փարատեր Անգարայի մտահոգութիւնը` ապրիլ 24-ի օրը Երեւանը դատարկելու: Եթէ Անգարան տակաւին նոր կը ձեռնարկէ պետութիւններուն հրաւէրներ յղելու իր որոշման, Երեւանը արդէն հրաւէրներուն ընդառաջելու հաստատումներ ստացած է տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներէն:

Կասկած չկայ, որ Կալիփոլին հակազդեցութիւն է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Կասկած չկայ նաեւ, որ 100-ամեակը լրջագոյն մարտահրաւէր-մղձաւանջ դարձած է Անգարայի համար, որ պետական բարձրագոյն մակարդակով եւ աշխարհին ուղղուած հրաւէրներով կ’ուզէ հակակշիռ քայլերու դիմել: Այս ծրագիրը վեր է Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականին իրաւասութիւններէն, ինչ որ անգամ մը եւս կ’ընդգծէ հայազգի խորհրդականին սոսկ ազգային պատկանելիութեան փաստին շահարկումը Անգարայի կողմէ:

Այստեղ արդէն շրջուած է կանոնը: Այս անգամ հայկական կողմն է նախաձեռնողականութեամբ հանդէս եկողը, եւ Անգարան է հակազդողը: Կալիփոլին ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ Սարգսեանին հրաւէր` ընդդէմ Էրտողանի հրաւէրին:

Հայկական կողմը այս մրցադաշտին մէջ ունի հիմնական առաւելութիւն: Անգարան կրնայ ապրիլ 24-ին որոշակի շուքով եւ տարողունակութեամբ  նշել Կալիփոլիի 100-ամեակը: Բայց Կալիփոլին չի  կրնար ապահովել Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի աշխարհագրութիւնը: Դժուար թէ, Թուրքիայէն դուրս, աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ նշուի Կալիփոլիի 100-ամեակը: Տակաւի՛ն. սփիւռքի կազմակերպ համայնքները իբրեւ կամուրջ պիտի մասնակցին տուեալ պետութեան եւ Երեւանի միջեւ այս պարտադրուած մրցումին` աշխուժօրէն ապահովելու համար համաշխարհային ներկայացուցչութիւն Երեւանի մէջ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Այս առումով Հայաստան-սփիւռք համակարգաւորուած աշխատանքները  որոշ ճամբայ կտրած են արդէն: Շուտով կը գումարուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի նիստը: Նման  ձեւաչափով գումարուող ժողովները ոչ միայն տեղի ունենալիք ձեռնարկներու համակարգումով պիտի զբաղին, այլ նաեւ` ռազմավարական եւ հեռանկարային խնդիրներու քննարկումով եւ կատարուելիք աշխատանքներու ճշդումով: Անոնց շարքին նաեւ` թրքական այս հակազդեցութիւնները չէզոքացնելու խնդիրներով: Հասունցած է Համահայկական խորհուրդը կեանքի կոչելու առաջադրանքի իրականացման պահը:

Նախորդը

Թուրք Երեսփոխաններ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Հարցով Պիտի Այցելեն Իտալիա Եւ Շուէտ

Յաջորդը

Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. Simpat Safaryan says:
    10 years ago

    Stop the Turkish denial of the Armenian genocide, the Armenian people have waited 100 years for In recognition and that is enough

    Reply

Leave a Reply to Simpat Safaryan Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?