Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամացած Սասունցի Հայը Քրիստոնէական Ծէսով Յուղարկաւորուեցաւ. Տխուր Պատմութիւն Հայ Ժողովուրդի

January 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615ferman-Gez«Սապահ» թերթի մէջ Մուսթաֆա Քայա ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութեան մը մէջ կը հաղորդուի, որ հայկական ծագում ունեցող Ֆերման Կեզ, որ Սասունի Էօրենկիլ գիւղը կը բնակէր, եւ որ Սամաթիոյ մէջ աչքի գործողութենէ մը ետք մահացած է 84 տարեկան հասակին, 60 տարի առաջ իսլամացած ըլլալով հանդերձ, յուղարկաւորուեցաւ հայկական եկեղեցիի մը մէջ: Սակայն ասիկա խնդիր յառաջացուց ընտանիքին մէջ, որովհետեւ Ֆերման Կեզ ունէր 11 զաւակ, որոնցմէ 7-ը իսլամ էին, իսկ մնացեալ 4-ը քրիստոնէութիւնը ընդունած էին իրենց մօրը հետ միասին:

Ահաւասիկ յուզիչ պատմութիւն մը, որուն նմանը, ինչպէս ըսեր է նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան, առաջին անգամ կը պատահի: Ֆերման Կեզ ամուսնացած էր Ֆերսիյէ Կեզի հետ, որ ամուսնութեան թուականին իսլամ էր: Բայց Ֆերսիյէ Կեզ իր չորս զաւակներուն հետ միասին վերջերս ընդունած էր քրիստոնէութիւնը: Երբ Ֆերման Կեզ մահացաւ, քրիստոնեայ զաւակները Գումգափուի մայր եկեղեցի փոխադրել տուին իրենց հօրը մարմինը: Անոնք պատրաստութիւն տեսան եկեղեցւոյ մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարել տալու համար: Բայց իսլամ եղբայրները առարկեցին, ուզեցին, որ իրենց հօրը մարմինը փոխադրուի մզկիթ մը: Անոնք կ՛ըսէին, որ իրենց հայրը մինչեւ մահանալը ապրեցաւ իրաւ մահմետականի մը պէս, նամազ կ՛ընէր, «օրուչ» կը պահէր, նոյնիսկ Կրօնից տեսչութեան դիմած էր «հաճ»-ի ուխտագնացութեան երթալու համար: Այս պատճառով տղաքը կ՛ուզէին, որ իրենց հայրը մզկիթէ մը վերցուի ու թաղուի իսլամներու գերեզմանատան մէջ: Անոնք եկեղեցիէն ետ պահանջեցին իրենց հօր մարմինը, ըսին, որ եթէ պէտք ըլլայ, բռնի ուժով պիտի վերցնեն մարմինը:

Այն ատեն խնդրով զբաղիլ սկսաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան, որ չկրցաւ որոշում տալ եւ հարցուց Կրօնից տեսչութեան կարծիքը: Կրօնից տեսչութիւնը յանձնարարեց, որ մեռեալին կնոջը փափաքին համաձայն ընտրութիւն կատարուի: Այսպէս է, որ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ մայր եկեղեցւոյ մէջ, եւ ննջեցեալին մարմինը թաղուեցաւ հայոց գերեզմանատան մէջ: Իսկ Ֆերման Կեզի իսլամ զաւակները եկեղեցւոյ մէջ ցաւով հետեւեցան իրենց հօրը յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Արամ սրբազան յայտնեց, որ առաջին անգամ է, որ դէմ յանդիման կու գայ այսպիսի պարագայի մը հետ: Ան ըսաւ, որ Ֆերման Կեզ վաթսուն տարի առաջ շրջապատի ճնշումով իսլամացած էր: Տարիներ ետք անոր կինն ու չորս զաւակները Քրիստոնեայ դարձան ու մեր դպրոցներէն մէկուն մէջ աշխատիլ սկսան: Ննջեցեալը, հակառակ որ անձնագրին մէջ «մահմետական» գրուած է, հայկական ծագում ունի, եւ այդ պատճառով ալ կարելի է ընդունիլ անոր կնոջը ու զաւակներուն փափաքը: «Կրօնից տեսչութեան հարցուցինք, տեսուչն ալ ըսաւ, որ կրնանք շարժիլ կնոջը փափաքին ուղղութեամբ: Մենք ալ այդպէս ըրինք», ըսաւ Արամ սրբազան:

 

Նախորդը

Թուրքիայում Իսլամութիւնն Ընդունած Հայուհին Թուրքական Անձնագիր Կը Ստանայ

Յաջորդը

Հարցազրոյց Տաղանդաւոր Ճեզ Երգչուհի Մարինէ Յակոբեանի` Մարպիի Հետ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.