Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Մաշաալ Դարձեալ Մոռցաւ

December 30, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1230vahoԿիրակի, 28 դեկտեմբերին Քոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ընդհանուր ժողովը, որուն պատուոյ հիւրն էր պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ նշելէ ետք, որ «ձեր ժողովուրդը անցեալին դարերով պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան ու Պաղեստինը» յայտարարեց. «Ինչպէս անցեալին ձեր ժողովուրդը պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան եւ Պաղեստինը, մենք անգամ մը եւս պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը». կարծէք Օսմանեան կայսրութիւնը օրին Պաղեստինի անկախութիւնը պաշտպանած ըլլար:

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Մաշաալ այսպիսի յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Ան 30 սեպտեմբեր 2012-ին Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին եւս նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր:

Կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ Օսմանեան կայսրութիւնը բռնագրաւած էր Պաղեստինը եւ իր կայսրութիւնն էր, որ կը փորձէր պաշտպանել եւ ոչ թէ Պաղեստինի անկախութիւնը: Կարիք կա՞յ նաեւ յիշեցնելու, որ այդ փորձը ձախողութեամբ աւարտեցաւ: Մաշաալ իր երկիրը բռնագրաւումէ փրկելու համար պայքարող շարժումի մը ղեկավարն է: Ատիկա որեւէ բռնագրաւումի դէմ սկզբունքային կեցուածք մը կ՛ենթադրէ, սակայն ահա ան օսմանեան բռնագրաւումը կը գովաբանէ` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ հարցը բռնագրաւումը չէ, այլ` բռնագրաւողը:

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք մըն է եւ կարելի չէ անոր նկատմամբ երկու չափ երկու կշիռ կիրարկել: Պահ մը երեւակայենք հետեւեալը. թրքական բանակը կը ներխուժէ Պաղեստին եւ կը վերագրաւէ զայն: Այդ պարագային Պաղեստինի անկախութեան համար պայքարող պաղեստինեան դիմադրութիւնը զէնքերը վար պէտք է դնէ եւ նոր բռնագրաւումը անկախութեան տիրացո՞ւմ նկատէ: Անշուշտ ո՛չ, որովհետեւ բռնագրաւումը ժխտական երեւոյթ է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է բռնագրաւողը:

2012-էն երկու տարի ետք Մաշաալ դարձեալ մոռցաւ, թէ անկախութեան պայքարի մը մէջ երկու չափ երկու կշիռ կարելի չէ կիրարկել:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Նամակը` «Ազդակ»-ին

Յաջորդը

Հարցաքննուած Է «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Պաքուի Գրասենեակի 20 Աշխատակից

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.