Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

December 27, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ազդակ»-ի երեքշաբթի, դեկտեմբեր 23-ի թիւի երրորդ էջին մէջ տեղ գտած էր նշմար մը  «100-ամեակի փուչիկը» խորագրով, որուն ձեւին, ոճին եւ բովանդակութեան մասին կ՛ուզեմ մատնանշել հետեւեալը` ընդհանուր առմամբ հասկնալի միտքերու կողքին:

1.- Նիւթին հեգնական թուող խորագիրը անյարմար է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող որեւէ յօդուածի, որ լոյս կը տեսնէ օտար եւ մանաւանդ հայկական մամուլին մէջ:

2.- Երրորդ պարբերութեան մէջ կը կարդանք` «Մեզմէ իւրաքանչիւրս կ՛երազէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդար լուծման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման ականատես դառնալ, սակայն թերեւս իր մէջ որոշ եսասիրութիւն մը կը փայփայէ: Այդ ցանկութիւնը բնական ու բարի ցանկութիւն է, սակայն պէտք չէ մոռնալ այն ասացուածքը, թէ դժոխքին ճամբան բարի ցանկութիւններով սալայատակուած է:»

Սարդարապատը կերտող եւ Արցախը ազատագրող հայ անհատը եւ ժողովուրդը ոչ թէ կ՛երազէ, այլ իր ամբողջ կարողականութեամբ կը լծուի իրականացնելու Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանը:

3.- Չորորդ պարբերութեան մէջ կը կարդանք` «Անիկա աւելի կարեւոր չէ, քան` 50-ամեակը,  որ անցաւ, կամ` 150 եւ 200 ամեակները, որոնք պիտի գան: Հրեայ ժողովուրդը հայրենիքի մը ստեղծման համար 3000 տարի համբերեց  ու աշխատեցաւ. մենք եւս պէտք է համբերատար ըլլանք եւ աշխատինք` յուսալով, որ մեր նպատակին իրագործումը այդքան ուշ պիտի չըլլայ:» Այստեղ շփոթ կը նկատեմ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին, որ հայկական եւ համամարդկային օրացոյցերուն մէջ պիտի մնայ յաւիտեանս, որպէս հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր, եւ միւս կողմէ` Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանի կերտումին, որ անպայման պիտի իրականանայ: Հրեայ ժողովուրդի բաժինին մէջ կը նկատեմ անտեղի եւ սխալ բաղդատութիւն կամ, օրինակ, թէ՛ պատմականօրէն եւ թէ՛ ալ իրաւականօրէն: Պէտք չունինք խիստ վիճելի եւ սխալ օրինակ մը բերել, երբ ունինք Արցախի պայծառ օրինակը:

Աւարտին, կը մէջբերեմ նշմարի հեղինակին եզրակացութիւնը` «Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծումը կը բաղկանայ երեք տարրերէ`  ճանաչում, փոխհատուցում ու իրաւունքներու վերականգնում, որուն գլխաւոր բաղադրիչը ուիլսընեան սահմաններու պահանջն է:»

(ընդգծումները իմ կողմէս)

 

24 դեկտեմբեր 2014, Լիբանան

Նախորդը

Դրամի Արժէքի Տատանումներուն Մասին Հարցազրոյց Արծուիկ Մինասեանի Հետ

Յաջորդը

Երեւանեան Պատկերներ (3)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։