Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդի Նախօրեակին Հայեացքները` Առեւանգուած Զինուորականներուն Եւ Երկխօսութեան Ուղղութեամբ

December 22, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1221_masriԱյն միջոցին, երբ լիբանանցիք կը պատրաստուին տօնական արձակուրդը «վայելելու» հեռու աշխատանքի առօրեայ հեւքէն, գլխաւոր հիմնահարցերը կը շարունակեն յամենալ: Հիմնահարցերէն գլխաւորը առեւանգեալ զինուորականներու հարցն է, որ տօնական մթնոլորտի փոխարէն մղձաւանջ ստեղծած է անոնց ընտանիքներուն: Արդարեւ, վերջին օրերուն զգալի աճ կրեց թիւը խաղաղարար «միջնորդ»-ներու, որոնք սակայն բոլորն ալ ինքնակոչ են եւ չունին պետական պաշտօնական հանգամանք: Փաստօրէն, այն  միջոցին, երբ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները քուլիսներու ետին եւ հեռու «իրարանցումէ` այն համոզումով, որ իր խօսքերով` շատ խոհարարներու ներկայութիւնը կրնայ այրել ճաշը», անդին սակայն սալաֆական միջնորդ, շէյխ Ուիսամ Մասրի կը շարունակէ իր ճիգերը` սպասելով պետական կանաչ լոյսին:

Փոխադարձաբար, ՏԱՀԵՇ երէկ Արսալի փոխքաղաքապետ Մոհամետ Ֆլիթիի անունը յայտարարեց իբրեւ միջնորդ: Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի թելադրանքով եւ ցուցմունքով, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր վերսկսաւ իր մագոգային «խաղաղարար» նախաձեռնութեան: Այս բոլորին կողքին կայ այլ հաւանականութիւն մը, ըստ որուն, մօտերս «յատուկ» գործողութիւն մը պիտի կատարուի Արսալի ուղղութեամբ` ազատագրելու համար զինուորականները:

Կեցուածքներու ծիրին մէջ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց ճիգերու միացումը` զինուորականները ազատագրելու համար փոխանակման սկզբունքով:

«Նահար» օրաթերթին համաձայն, այս գծով ամէն ինչ առկախուած է` սպասելով Քալամունի ճակատին վրայ արձանագրուելիք նորութիւններուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունեց որեւէ նախաձեռնութիւն, որ «կը յանգի այս հարցի բարւոք լուծման»: Ան նշեց, որ «նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ոչ ոքի լիազօրած է բանակցելու համար, գէթ այս մասին զիս տեղեակ չէ պահած»:

Նաեւ` Երկխօսութեան Ճիգերուն Գծով

Ներքին անդորրութեան ու կայունութեան գլխաւոր ենթահող պատրաստելու կոչուած ներքին երկխօսութեան գծով խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները կը շարունակուին քուլիսներու ետին: Արդարեւ, ամիսներէ ի վեր նախատեսուող Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, բաւական ճամբայ «կտրած» է, եւ արդէն իսկ ճշդուած են խորհրդակցութեանց խորագիրները, որոնց առանցքը կը կազմեն փոխադարձ յարաբերութիւններն ու ապահովական վիճակը: Նախատեսութիւնները տակաւին կեդրոնացած են յառաջիկայ երկուշաբթի, 29 դեկտեմբերին Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան հաւանականութեան վրայ:

Իսկ Աուն-Ժահժահ հանդիպումին գծով մտավախութիւնը փոխադարձ զիջումի կէտին շուրջ է, թէ ո՞վ որո՛ւ պիտի զիջի իր չվայելած «աթոռը»: Մտավախութիւնները կը շեշտուին յատկապէս մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին դրսեւորած յուսալքութեան լոյսին տակ, երբ ան երէկ` կիրակի, իր մտավախութիւնը յայտնեց Լիբանանի ճակատագիրին գծով` հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Դէտեր այս գծով ոչ մէկ նորութիւն կ՛ակնկալեն գէթ մինչեւ ապրիլ 2015: Նմանապէս, մարոնիներու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը անիմաստ գտաւ մարոնի ղեկավարներու միացեալ նիստի կայացումը` տրուած ըլլալով, որ անոնք տակաւին կառչած են իրենց պայմաններուն: Մազլում եպիսկոպոսը ներկայիս անհաւանական նկատեց նախագահի ընտրութիւնը` սպասելով շրջանային ու միջազգային իրադարձութեանց զարգացումներուն:

Այս ծիրին մէջ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ, յետաձգուեցաւ այսօր` երկուշաբթի օրուան: Իսկ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն շարունակեց իր հանդիպումները եւ տեսակցեցաւ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Նախորդը

Սալամ. «Կը Սպասենք Ուղղաթիռներուն, Որպէսզի Հարուածենք Ժիհատականները»

Յաջորդը

2015-ին Կ՛աւելնայ Համաշխարհային Դրամատան Օժանդակութիւնը Հայաստանին

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.