Ուֆայի գլխաւոր տնօրէն Շամիլ Կազիզով յայտարարեց, որ խումբի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ կը մերժէ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմել:
«Իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն, շատ հաւանական է, որ ան հրաժարի Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմելէ: Բնականաբար, ես Հայաստանի հաւաքականին դէմ ոչինչ ունիմ, սակայն կը կարծեմ, որ անոր եւ բոլորիս համար աւելի կարեւոր է, որ ան հանդէս գայ Ռուսիոյ հաւաքականէն», Կազիզովի խօսքերը կը մէջբերէ Armsport.am:
Նշենք, որ Եուրչենքօ հայկական արմատներ ունի եւ կրնայ հանդէս գալ Հայաստանի հաւաքականին հետ:


