Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Անխել Տի Մարիա ճանչցուեցաւ իբրեւ Արժանթինի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, որ հանդէս կու գայ երկրին սահմաններէն դուրս:
Լուրը հաղորդող Tribalfootball.com կայքը եզրափակեց նշելով, որ Արժանթինի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստն է Վելես Սարսֆիլտի յառաջապահ Լուքաս Փրաթոն:


