«Լիբանան ահաբեկչութեան առաջին զոհերէն է», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ` շեշտելով այս գծով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի եւ Արժանթինի միջեւ: Երրորդ օրն ըլլալով, շարունակելով իր խորհրդակցութիւնները Պուենոս Այրեսի մէջ, նախարար Պասիլ զանազան տեսակցութիւններ ունեցաւ Արժանթինի պատասխանատուներուն հետ: Ան այսօր առեւտրական գործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ պատկան կողմերուն հետ:


