Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 14 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւնը (8-16 տարեկան):
Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ճիշդ ժամը 10:30-ին: Իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնն է 15 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր խաղացողի համար:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, կրնան կապ հաստատել կա՛մ Ալի Ժաուիշի (03-300166), կա՛մ ալ Էլի Հուլիշեանի հետ (03-705210):


