Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին Ահտի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Շապապ Սահել – Ախա Ահլի Ալէյ հանդիպումը:
Այսօր տեղի կ՛ունենան նաեւ երկու այլ ճակատումներ` Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Թրիփոլիի մէջ Իժթիմահի կը հիւրընկալէ Խըյուլը, մինչ Սայտայի մէջ Ահլի Սայտա` Իսլահ Պըրժ Շիմալին: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 14 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` հիւրընկալելով Ամալ Թրիփոլին:
Նշենք, որ շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի յայտագիրը:
ՀՄՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Ա. հանգրուանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 21 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ մրցելով Շապապ Արապիի դէմ:


