
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ խստիւ դատապարտեց Սուրիան թիրախ դարձուցած իսրայէլեան ռմբակոծումները, որոնք մաս կը կազմեն չորս տարիէ ի վեր Սուրիոյ դէմ գործուող ահաբեկչութիւններուն:
«Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած այս վայրագ յարձակումը դարձեալ կը փաստէ, որ Իսրայէլ կը զօրակցի Սուրիոյ ահաբեկիչներուն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն», ըսաւ ան:
Ուահապ աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները օժանդակութիւն կը ստանան նաեւ Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը արաբ ղեկավարներէ:
«Մենք կը վստահինք սուրիական բանակին եւ անոր կարողութիւններուն: Այդ բանակը Սուրիոյ ընդհարումները պիտի չկասեցնէ, մինչեւ որ ահաբեկիչները չմաքրագործէ եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը չվերահաստատէ», ըսաւ ան:


