Մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան եւ տնօրինումով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթօրեայ Ս. պատարագի եւ երիտասարդներուն հետ զրոյցի շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագը մատուցեց եւ ներկայ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի հսկիչ Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան: Ան խօսեցաւ հոգեւոր արթնութեան մասին` բացատրելով, որ հոգեպէս արթուն է այն մարդը, որ ա) կը զգայ, կը գիտակցի եւ բարին չարէն կրնայ զանազանել, բ) կրնայ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնել եւ խօսիլ անոր հետ, գ) կրնայ ընտրել ճշմարիտ ճամբան եւ քալել այդ ճամբէն, նոյնիսկ եթէ նեղ եւ դժուար ըլլայ անիկա, դ) կրնայ զղջալ կեանքին մէջ:
Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան անդրադարձաւ հիմնական երկու երեւոյթներու, որոնք մեզ կը սթափեցնեն եւ արթնութիւն կը շնորհեն, որպէսզի չքնանանք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Առաջին` հոգեպէս արթուն ըլլալու համար անհրաժեշտ է զգուշանալ բազմազբաղութենէն: Չարը բազմազբաղ վիճակ մը կը ստեղծէ մարդուն մէջ եւ առիթ չի տար անոր, որ նոյնիսկ մտածէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մասին` հեռու պահելով զինք Աստուծմէ: երկրորդ` հոգեւոր արթնութեան մէջ մնալու համար պէտք է զգուշ ըլլանք մեր միջավայրէն եւ ընկերութենէն: Ան Աստուածաշունչէն օրինակներ բերելով բացատրեց վերոյիշեալ երկու երեւոյթները:


