Իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւնը եղած է` օգնել ու խնամել Եղեռնէն ճողոպրած որբերը (յատկապէս` սկզբնական շրջանին) հասնիլ հիւանդին, ծերին, անկարին: Հետզհետէ կը ճիւղաւորուին անոր գործունէութեան ծրագիրները` «Պնակ մը կերակուր»-էն մինչեւ հայ աշակերտին կրթանպաստը եւ այլն: Կ’ընդարձակուի անոր յարաբերական ցանցը` ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն հրաւիրելով տեղական թէ միջազգային մակարդակի վրայ գործող ընկերային մարզի անձնաւորութիւններ եւ, փոխադարձաբար, մասնակցելով այդ կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն: Միաժամանակ ամրակուռ հաւատքով ու անշեղօրէն ԼՕԽ-ը նախանձախնդիր կը մնայ պահպանելու եւ իր անդամուհիներուն փոխանցելու, դաստիարակելու եւ քարոզելու հայու հարազատ նկարագիրը, հայկական ինքնութիւնը շեշտող բարքերն ու աւանդութիւնները: Ասոր ամէնէն պայծառ ցուցանիշն է ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի բաժանմունքը, ուր հայկական ձեռագործներու եւ ասեղնագործութեան հիմնական հմտութիւններով գործուած առտնին զարդեղէնները կու գան հայկական շունչ ու մթնոլորտ ստեղծելու մեր ընտանեկան օճախներէն ներս: Քարոզչական առումով եւս, ներքին թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ գրաւոր թէ բանաւոր լայն աշխատանք կը կատարուի` ԼՕԽ-ի օրացոյցէն մինչեւ սեմինարներու կազմակերպում եւ հրատարակչական (ԼՕԽ-ի էջ, տեղեկատու…) իրագործումներ եւ «Վանայ ձայն»-էն հարցազրոյցներ եւ այլն: Համացանցի կայքէջին վրայ նոյնպէս մշտական ներկայութիւն է ԼՕԽ-ի` Դիմատետրի էջը, ուր կը զետեղուին ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ:
Մեր իրականութեան մէջ գործող իգական հազուագիւտ միութիւններէն գլխաւոր այս կազմակերպութիւնը ականջալուր է եւ դեղ ու դարման կը փորձէ ըլլալ հայու թէ հայուհիի ցաւերուն եւ հոգերուն, յանձին` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուր ծրագրուած հերթականութեամբ կը կազմակերպուին ընկերային, առողջապահական եւ յարակից մարզերու առնչակից նիւթերով դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ թէ ոչ հայ բազմաթիւ դեղագործներ ու բժիշկներ կու գան խնամելու հայ թէ ոչ հայ հիւանդներ` ամէն սեռի, ամէն տարիքի, առանց որեւէ խտրութեան:
1915-2015 հարիւրամեակ մը, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ, որ իր տխուր յիշատակներով շուքի նման հետեւեցաւ հայուն ամէնուրեք ու գրաւեց անոր ներաշխարհը: Հարիւրամեակ, որ իր դառնութիւններով թէ իրագործումներով մարտահրաւէր մը հանդիսացաւ հայութեան գոյատեւման պահպանման իր հայրենի բնօրրանէն հեռու գաղթաշխարհի հայութեան համար: Հայութիւնը յաղթահարե՛ց այդ մարտահրաւէրը եւ այսօր Թալէաթի երազած «աշխարհի մէջ իբրեւ նմուշ մէկ հայ»-ու պատրանք-կարգախօսը վերածուեցաւ տասը միլիոն հայութեան, որ զանազան մարզերու մէջ իր կատարած ներդրումով նպաստեց մարդկային քաղաքակրթութեան վերելքին: Այդ մարտահրաւէրի յաղթահարման մէջ առիւծի բաժինը կատարած է հայուհին, հայ մայրը, ԼՕԽ-ը, որ նոյն այդ ոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը յատկապէս այսօր, 21-րդ դարուն, երբ քարոզչութիւնը իր գրաւոր, բանաւոր թէ համացանցային ոստայններով կիզակէտը դարձած է մարդկային գործունէութեան: Եւ նոյն այս ոգիով ԼՕԽ-ը «Ազդակ»-ի սիւնակներէն պարբերաբար լոյս տեսնող իր էջով հարազատ արձագանգը պիտի հանդիսանայ ԼՕԽ-ի եւ ԼՕԽ-ուհիներու ազգանուէր բեղուն գործունէութեան:


