Հ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
«Եթէ ես կատարեմ կարելիս, եթէ դուն կատարես կարելիդ, եթէ ան ալ կատարէ իր կարելին, մենք երեքով միասնաբար կը հասնինք անկարելիին…»:
Այս մէջբերումը` առնուած Մ. Քիւրտօղլեանի յօդուածէն, նուիրուած Արամ Մանուկեանի ծննդեան 135-ամեակին, որքա՜ն անառարկելի ձեւով կը պատշաճի ԼՕԽ-ի պատգամին` անոր ծառայելու, անոր նուիրուելու անսակարկ հասկացողութեան:
Երիտասարդնե՛ր, պէտք է մտնէ՛ք կեդրոն, միանաք ձեզ հետաքրքրող ոեւէ յանձնախումբի` դաստիարակչական, ընկերային, քարոզչական, առողջապահական, ուր որ դուք ատակ կը զգաք բան մը տալու, խօսք մը, գաղափար մը փոխանցելու: Հասկցէ՛ք գործին կարեւորութիւնը: Զգացէ՛ք անծայրածիր գոհունակութիւնը: Ձեռք-ձեռքի տալով շղթայի մը նման աւելցնենք օղակները:
Եկէ՛ք եւ ԼՕԽ-ի կեդրոնի ժողովասրահները լեցուցէ՛ք. երիտասարդուհիներ անուշիկ ու ժպտերես դէմքերով` ինչպէս են արդէն հոն գտնուողները, ամէն կողմէ մէկը դէմդ կ՛ելլէ ու …բարե՛ւ ընկերուհի… յանձնախումբեր ըլլան կամ ոչ: Ես դպրոցական աշխարհին մէջ եղած եմ քսանեօթը տարի, այս ամէնօրեայ ջե՛րմ բարեւը չեմ զգացած: Անբացատրելի հեւք մը կայ, աշխուժ, առոյգ` նպատակ ունենալով օրակարգերու իրականացումը:
Կամաւորը կը հանդիսանայ վիթխարի ուժ մը ընկերութեան մէջ, որ իր աշխատանքով կը սնուցանէ ընկերութիւնը, ժողովուրդը, բարոյապէս եւ յատկապէս միասնականութեամբ:
Ժողովուրդին առօրեան բարելաւելու կը միտի ԼՕԽ-ը իր կամաւորներու, խաչուհիներու ներկայութեամբ:
Եզրափակենք Մ. Իշխանի ՀՕՄ-ի քայլերգի խօսքով` ուր լրիւ կ՛ամբողջանայ միտքը օգնութեան հասնող կամաւորին ու լոյս ու գութ սփռող խաչուհիին, որ իրեն վստահուած սուրբ գործին անսակարկ ու անտրտունջ ծառայել գիտէ:
«Մենք ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի
Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին`
Ձեզ կը բերէ հայ կնոջ սիրտը ոսկի»:


