Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կը յիշենք ու կը պահանջենք:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակը յուշատօն չէ, այլ գիտակցուած, ներընձիւղուող ազգային պահանջատիրութեան համար ամէն օր եւ ամէն ժամ բարձրացող դրօշ է, մեր սրտերուն եւ առօրեային մէջ:
Ցեղասպանութեան սերունդի հայ մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչպէս որ անապատի աւազներուն վրայ սորվեցուցին մեր ոսկեղնիկը` մեր այբուբենը, նոյնպէս ալ հետագային, իրենց ժառանգած նրբահիւս ասեղնակարերը, հայկական աւանդոյթները եւ հայրենասիրութիւնը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ` մեզի պատգամելով, որ մենք ալ մեր կարգին, մեր մշակոյթի հարուստ գանձարանի բոլոր տարրերը` երաժշտութիւն, երգ, պար, գեղանկարչութիւն, թատրոն եւ այլն, փոխանցենք գալիք սերունդներուն, դարերու ընթացքին մեր գոյութիւնը պահելու որպէս գրաւական:
Ձեռագործը, որ իրենցմէ մեզի հասած ամէնէն արժէքաւոր աւանդներէն է, կու գայ նաեւ մեզի յուշելու, զարթնեցնելու, որ մենք կը կորսուինք, եթէ իրենց փոխանցած աւանդները չպահենք, որպէսզի մե՜ր իսկ ձեռագործած «կը յիշենք, կը պահանջենք»-ները իրա՜ւ ըլլան, ճշմարիտ ըլլան եւ ոչ թէ թափուր ու անիմաստ լոզունգ:
Քիչ անգամ խօսուած է հայկական ասեղնագործութեան մասին` որպէս իր կարեւոր տեղը գրաւած արուեստ:
Հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի կիրառական արուեստի մէկ ճիւղը կազմող գեղարուեստական հոյակապ հայկական ստեղծագործութիւնը` ձեռագործը, որ իր ամբողջ հարստութեամբ, ոճով ու բովանդակութեամբ, հարազատութիւն ու նմանութիւններ ունի հայ ճարտարապետական կառոյցներու, խաչքարերու, զարդաքանդակներու եւ մանրանկարչութեան հետ:
Հայկական բոլոր գաւառներու մէջ, իւրաքանչիւր քաղաք ունի իր ինքնատպութիւնն ու առանձնայատկութիւնը, իւրայատուկ ոճով, զարդանկարային բովանդակութեամբ եւ գոյներով: Օրինակ` Այնթապը, Ուրֆան, Մարաշը, Վանը, Քիլիսը, Տիգրանակերտը եւ այլն, բնաւ իրարու չեն նմանիր ո՛չ ասեղներով, ո՛չ զարդանախշերով եւ ո՛չ ալ գոյներով:
Ուրեմն, մեզի հասածն ու մեր մեծ մայրիկներէն կտակուածը երէկ չծնաւ: Թուրքին եաթաղանին զոհ գացած բոլոր այն քաղաքները, որոնցմէ մեզի հասած ձեռագործները մեզի յանձնուած աւանդներ են, զորս պէտք է այսօր կեանքի կոչել, ապրեցնե՜լ որպէս ազգային հարստութիւն:
ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը տարեկան յաճախականութեամբ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս կը կազմակերպէ: Թէեւ ընտրանի մը կայ, որ միշտ ներկայութիւն է, կ՛արժեւորէ եւ կը գնահատէ, սակայն մեծ զանգուածին մօտ հետաքրքրութիւնը կը պակսի:
Նոր սերունդը բնաւ նախկին սերունդներուն հետ կարելի չէ բաղդատել: Հիները «Երկիրէն» բերած եւ փոխանցած էին իրենց զաւակներուն, անոնք ալ` յաջորդ սերունդին: Բայց միշտ փոխանցուածին փոխանցուածը հետզհետէ աւելի տկար կ՛ըլլայ, ճիշդ տպագրութեան պէս, հետզհետէ մելանը կը պակսի: Թերեւս հայրենի հողին ջերմութի՞ւնը կը պակսի, ոգիի՞ պակասը, համաշխարհայնացո՞ւմը օտար բարքե՞րը ժամանակի հե՞ւքը: Ի՛նչ ալ ըլլան արդարացումները, պէտք է սթափիլ, այսինքն գոնէ
100-ամեակի սեմին հաւաքաբար պէտք է արթննալ թմբիրէն:
Թելադրելի եւ փափաքելի է, որ բոլոր հայ մայրերն ու մեծ մայրերը իրենց աղջիկներուն եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ տղոց հետ գան, այցելեն մեր ձեռագործի ցուցահանդէսները, ինչպէս որ պէտք է այցելեն որեւէ գեղանկարչութեան եւ այլ ցուցահանդէս` որպէս ազգային դաստիարակութիւն, որպէսզի կարենան հպարտանալ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ: Նաեւ` ցուցահանդէսներ յաճախելը վարժեցնել, որպէսզի գեղեցիկի ճաշակը զարգանայ գալիք սերունդներուն մէջ, եւ որ մեզի փոխանցուած հայ մշակոյթի աւանդը կարենանք հարստացնել եւ ապրեցնել որպէս ազգային ժառանգութիւն:
ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


