Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱ՞Ն, ԹԷ՞ ՂԵԿԱՎԱՐ

July 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս, Հայաստանի նախագահը խորհրդակցութեան հրաւիրած էր վարչապետը, փոխվարչապետը եւ բարձրաստիճան կարգ մը այլ պաշտօնատարներ` քննարկելու համար արտագաղթի հետ կապուած հարցեր:

Վերջին շրջանին արտագաղթի ահազանգային թիւերու մասին մամուլով եղած հրապարակումները յուսահատութեան ու բարոյալքման կրնան մատնել երկրի ապագայով մտահոգ ոեւէ անձ: Նախագահը այս խորհրդակցութեամբ ու հրապարակուած տեղեկագրութեամբ կը թուի, թէ կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ ինք անձնապէս կը հետեւի արտագաղթի հետ կապուած զարգացումներուն եւ կը տիրապետէ վիճակին:

«Մտահոգուեցէք, բայց խուճապի մի՛ մատնուիք»ի պատգամ մըն է նախագահին խօսքերու միտք բանին, առանց սակայն յստակ ու գործնական բացատրութիւններու, թէ` ինչպէ՞ս առաջքը պիտի առնուի այս կործանիչ երեւոյթին:

Խուճապի չմատնուելու համար պէտք է ճշգրիտ պատկերացում ունենալ արտագաղթի տարողութեան մասին, որ, ըստ նախագահին, ճիշդ չէ ներկայացուած մամուլին մէջ եւ որ հրապարակուած թիւերը թիւրիմացութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ ամբողջական չեն եւ համեմատական վերլուծումի չեն ենթարկուած: Նախագահը ինք անձամբ այս խորհրդակցութեան ընթացքին կը կատարէ նման համեմատական վերլուծում մը, որուն արձագանգները պիտի սկսինք լսելու յառաջիկայ օրերուն` համապատասխան գերատեսչութեանց պատասխանատուներուն բերանէն:

Խորհրդակցական հանդիպումը, ըստ էութեան, այս ձեւով կը դառնայ քարոզչական պետական մեքենային պարզ ուղեցոյց տալու առիթ եւ հանրութեան մօտ յուսալքումի հոգեվիճակը յաղթահարելու ճիգ:

Հայաստանը պատերազմական վիճակի մէջ է մշտապէս, եւ ժողովրդային յուսալքումի որեւէ նշոյլ պէտք է արժանանայ երկրի ղեկավարին ուշադրութեան: Այսուհանդերձ, յուսալքումի յաղթահարման ամէնէն ազդու եւ արդիւնաւէտ զէնքը ժողովուրդին մօտ սեփական ապագային նկատմամբ հաւատքի ամրապնդումն է, հայրենիքի մէջ արժանապատիւ կեանքով ապրելու կարելիութիւնն է, որ վերլուծումներու ու հռետորութեան միջոցով չ՛իրականանար, այլ կը պահանջէ գործնական լուծումներ:

Մէկ խօսքով, այս հանդիպումէն ետք նախագահը պէտք է շօշափելի գործով ապացուցէ իր ուշադրութիւնը այս հարցով` աշխարհ մը բան հիմնովին փոխելով երկրին մէջ: Ղեկավարելու իր ոճը, սակայն, ինչպէս նաեւ այն փտած կառավարական համակարգը, որ իր եւ իր նախորդներուն ստեղծածն է, նման փոփոխութիւններ ակնկալելու յոյսեր չեն ներշնչեր:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

ՕՍԼՕ. ՅԱՆՑԱԳՈՐԾԻՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՌՆՓԱԿ

Յաջորդը

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.