
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Փլամպլի ողջունեց Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերը` լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու իմաստով:
Փլամպլի նշեց, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, լիբանանեան ազգային համակեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարելու Լիբանանի սահմանադրական պարտաւորութիւնները:
Փլամպլի յայտնեց, որ իրենք քննարկած են նաեւ ընտրական օրինագիծերը` աւելցնելով, որ ինք ընդգծած է ՄԱԿ-ի մտահոգութիւնը` նախագահական աթոռին թափուր մնալուն առումով:
Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գործուող յարձակումները եւ անոր նկատմամբ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Ալեն Աուն:
Քննարկուեցան ընտրական օրինագիծի մշակման խորհրդարանական յանձնախումբին վերաբերող աշխատանքները:
Հանդիպումէն ետք Աուն յայտնեց, որ իրենք համաձայն են, որ ներկայ ընտրական օրէնքով անկարելի է երկրին մէջ ընտրութիւններ կատարել` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանցիները իսկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններ կը փափաքին կատարել, ապա պէտք է վաւերացուի ընտրական նոր օրէնք մը, որուն համար ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայուի: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:


