
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Ռիատ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը դրական կը գնահատէ եւ կը մաղթէ, որ երկխօսութիւնը կատարուի բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ: «Լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը ինքնին կոչ մըն է լիբանանցիներուն միջեւ շինիչ երկխօսութիւն կատարելու եւ փնտռելու Լիբանանն ու լիբանանցիները հանդարտեցնելու արդիւնքներ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը», շեշտեց Ասիրի:
Ասիրի ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ կան շարք մը տարակարծութիւններ, որոնք պէտք է լուծուին` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ երկրին ապահովութիւնը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ լիբանանեան միջքրիստոնէական երկխօսութիւնը:


