Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ԼԻԶՊՈՆԻ ՏՂՈՑ ՊԱՅԾԱՌ ԴԷՄՔԵՐԸ ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ ( 27 ՅՈՒԼԻՍ, 1983)

July 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«…Յարմար նկատեցինք մեր միւս ընկերներին էլ
տեղեակ պահելով` միասնական աշխատանք
ծաւալել` դա (Արարատի գագաթին նուաճումը)
նուիրելով ՀՅԴ-ի 120 եւ Լիզպոնի հինգ հերոսների
նահատակութեան 27 ամեակներին»:

Իրանահայ խումբ մը լեռնագնացներ
(ԱԶԴԱԿ, 1 սեպտեմբեր, 2010)

Անոնք սովորական մահկանացուներ էին մարդկային իրենց կերտուածքով եւ հայաշունչ ապրումներով: Երիտասարդական խանդավառ տարիքի մէջ պսպղուն,  անոնք գործուն տարրեր էին  գաղութահայ կեանքին մէջ:

Ինչպէս ուրիշներ, անոնք ալ իրենց կարգին ունէին հետաքրքրութիւններ,  նախասիրութիւններ, մտածումներ եւ իտէալականացած կեանք մը վարելու ներքին մղում եւ առաւելաբար հայրենասիրութեամբ յագեցած տեսլական:

Սակայն անոնք իրենց միջավայրէն եւ շրջապատէն կը տարբերէին եզակի տիպականութեամբ մը` անձնազոհութեամբ, որ կը զգենուր իւրովի իմաստ եւ գաղափարական հնչեղութիւն:

Լիզպոնի տղոց համար բացարձակ արժէքներ էին ազգային զգացումներն ու հայրենիքի սէրը, որոնցմով սնած էին ու դաստիարակուած ընտանեկան թէ միութենական կեանքին մէջ:

Խոնարհ էին անոնք, սակայն վեհանձնութեամբ ու ազնուութեամբ ապառաժեայ: Հաւատամքի եւ նուիրումի հասկացողութիւնները շղարշած էին քաջութեան, տոկունութեան եւ յանձնառութեան ամէնէն իրաւ ընկալումներով:

Լսած ու սորված էին նախնեաց հերոսապատումներուն մասին, տոգորուած եւ ներշնչուած ֆետայական շարժումներու պատումներէն եւ ամէնէն էականը` երդուած էին անոնք ազատութեան բագինին վրայ նուիրաբերել իրենց թանկագինը` կեանքը, յանուն Հայ դատի աշխատանքներուն եւ միացեալ, ազատ ու անկախ հայրենիքի կերտումին:

Ճակատագրի բերումով Լիզպոնի տղաքը չտեսան կորուսեալ հայրենիքը, ծնրադիր չաղօթեցին Ծիծեռնակաբերդի կոթողին առջեւ, Սարդարապատի հերոսական դաշտին վրայ բարձրագոռ չերգեցին, Զանգեզուրի խրոխտ լեռներու վեհութիւնը չապրեցան, Արցախի գոյամարտին իրենց մասնակցութիւնը չբերին, այդուհանդերձ, դարձան հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան անօրինակ եւ սրբակենցաղ առասպելները, ցոյց տուին սխրանքներու վաւերական արտայայտութիւնն ու աստուածահաճոյ կամքի գեղեցկութիւնը:

Քսանութ տարիներ առաջ սփիւռքի երկնակամարը փայլատակեց, ամբողջ հայութեան սիրտերը թնդացին, հպարտութեան ու ազգային արժանապատութեան զոհասեղանը ճարճատեց, մարտունակութեան եւ քաջագործութեան նորովի արարքի մը ականատես դարձաւ ամբողջ մարդկութիւնը, թոյլ ու տմարդի հոգիներն անգամ պահ մը զգաստութեան գալով` անդրադարձան կատարուածին վսեմութիւնը եւ խոնարհեցան այս սուրբ տղոց աքթին առջեւ:

Օրին եւ տարիներ  շարունակ ինչե՜ր չգրուեցան ու չերգուեցան Լիզպոնի հինգին մասին: Յատկապէս սփիւռքահայութեան համար անոնք դարձան Հայ դատի կենդանի յուշարարներ, ներշնչումի աղբիւր, թափանցեցին իրերայաջորդ սերունդներու հոգիին ու մտքին մէջ, արժանացան երիտասարդական փաղանգներու սիրոյն ու խանդին, եւ անոնց սրբազան գերեզմանները վերածուեցան կտոր մը հայրենիքի, ուխտատեղիի, ուր ժողովուրդ մը համակ, ամէն տարի կու գայ իր յարգանքի ու հիացմունքի տուրքը մատուցելու, ուխտելու, վերանորոգուելու, արիանալու եւ վերահայանալու:

Ճիշդ է նաեւ, որ Լիզպոնի տղաքը չտեսան յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատը: Սակայն իրենց անհուն եւ բարձրաթռիչ հոգիներուն պայծառութեամբ անոնք նուաճեցին սրբազան լեռը, ճանչցան անոր վեհանիստ գագաթը, սաւառնեցան  բարձունքն ի վեր, ընդելուզուեցան անոր տոկունութեան եւ հզօրութեան գաղտնիքին հետ եւ, արիացած վեհափառ լերան հուժկու զօրութեամբ, ներխուժեցին թշնամիին որջը, զարկին ու պայթեցան որպէս ազատամարտիկներ, գալիք սերունդներուն սնուցելով բացարձակ քաջագործութեան, հայրենասիրութեան եւ զոհաբերումի բացառիկ օրինակը:

Իրօք, անոնց մտածումներն ու կենցաղակերպը ունէր եզակի ընկալչութիւն: Հակառակ իրենց մեծութեան, գիտակցական ծառայութեան եւ յախուռն նկարագիրին,  իրենց ողջուցը ցուցաբերեցին ընկերականութեան, անկեղծութեան, նուիրումի եւ խանդաղատանքի ճանաչողութիւն:

Առօրեայ կեանքի ընթացքին լուռ էին անոնք եւ հեզահամբոյր: Քաջատեղեակ ազգային հիմնախնդիրներու տարողութենէն, ներքին բնագաւառներու դիմագրաւած դժուարութիւններէն, ընդարմացած հոգիներու շքերթէն, եւ սակայն, հպարտ իրենց պատկանելիութեամբ` ոգի ի բռին կառչած էին ազգային ու գաղափարական արժէքներուն:

Լիզպոնեան սխրանքին կիզակէտը Արեւմտահայաստան էր` Հայ դատի ցուցական աշխատանքներու մասնակցութեամբ: Անոնք ունէին պահանջներ, մօտեցումներ եւ ձեւաւորուած մտածումներ: Այդուհանդերձ, իրենց նուիրական արարքով իսկ եկան հաստատագրելու իրենց իսկ սնուցած գաղափարայնութիւնը, թէ առանց արեան հեղումի, բանտի ու չարչարանքի չկայ պահանջատիրական կամք եւ հեռակայ առաջադրանքներ:

Հետագայ տարիները ցոյց տուին անոնց արդարացի մտածումները: Արցախեան խոյանքն ու համաժողովրդային բռնցկացած հոգիներու ցասումը պիտի փաստարկէին այս սուրբ տղոց ամբողջ յեղափոխական տրամաբանութիւնը` դէպի ազատութեան բագին ճախրելու  խոր գիտակցութիւնը:

Այսօր, վերանկախ է հայրենիքի մէկ մասնիկը, տակաւին բռնագրաւուած կը  մնայ Արեւմտահայաստանը: Հայրենի պետականութեան համար դեռ կը յամենան ազգային արժէքներու տիրութիւն ընելու պարտաւորութիւնը:

Յայտնապէս, ազատութեան փարոսին վրայ իրենց սրբազան տեղը ունին Լիզպոնի «խենթ»եր, որոնց ուսմունքը ազգային պարունակին համար միայն պատիւ եւ կորով կը սնուցանէ:

Սերունդներ ճանչցան զանոնք, հարկ է համաժողովրդականացնել անոնց պատուանդանը` մայրաքաղաք Երեւանի սրտին վրայ` յանուն ազգային կամքի, ապրումի եւ  պահանջատիրութեան, արտացոլացման ու ամրապնդման, արցախի գոյապայքարի յարատեւութեան եւ յաջողութեան:

Այլապէս, հայ քաղաքական մտածողութիւնը պարտաւոր է իր կարգին ամէն առիթի պսակադրել այս տղոց նահատակութեան խորհուրդն ու նշանակութիւնը:

Արարատի գագաթին տրուեցաւ ազնուագոյն օրինակը, կը մնայ անոր նուիրականացումը ամբողջական Հայաստանի տարածքին:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀԵՐՈՍՆԵՐ ԵՒ ՀԵՐՈՍ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ

Յաջորդը

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱՊՐԱԾ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԸ` ՆԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐ ՀԱՅՐԸ ՍՊԱՆՆՈՂՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.