
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Չիլիի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայացուց 2015-ի «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին պաշտօնական որմազդը:
Աղուէսի անուան ընտրութեան համար կայ 3 տարբերակ. Զինչա, Անտի եւ Քուլ:
Ընտրութիւնը պիտի կատարուի համացանցի վրայ` այցելուներու քուէարկութեան հիմամբ:
Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 11 յունիս – 4 յուլիս 2015-ին:


