Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ համալսարանին մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մատրիտ (Սպանիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Եուրոքոմիլլաս-2014» համալսարաններու միջազգային մրցաշարքին:
Լիբանանեան համալսարանը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աղջկանց պասքեթպոլի, տղոց ֆութսալի, տղոց վոլիպոլի եւ աղջկանց փինկ փոնկի մրցումներուն:
Նշենք, որ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 61 անձերէ (մարզիկ, մարզիչ, պատասխանատու):
Մրցաշարքը, որ սկսաւ 18 նոյեմբերին, կ՛երկարի մինչեւ 26 նոյեմբեր:


