Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիմնադրումէն Հինգ Տարի Ետք. «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Արձագանգումը Արաբական Աշխարհին Մէջ

November 18, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1118logo-AztagarabicԱրաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ արաբական մամուլը շարժի որոշ ուղղութեամբ, եթէ զայն չանուանենք «հակաթուրք» տրամադրութիւն, ապա կարելի է բնութագրել որպէս «վերանայում օսմանական դարաշրջանին», որուն  մաս կը կազմէ Հայկական հարցը:

Այս առումով, արաբական մամուլի ներկայացուցիչները վերջին շրջանին աղբիւրներ կը փնտռեն իրենց նիւթերը մշակելու եւ կը դիմեն «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի նիւթերուն եւ գրութիւններուն:

Ցայտուն է Եգիպտոսի պարագան, որուն լրագրողները լռելեայն համաձայնութեամբ հայկական նիւթեր կը քաղեն «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէն ու զանոնք վերամշակելով` կը հրապարակեն եգիպտական կարեւոր թերթերուն մէջ, որոնց յղում կատարելով` այդ նիւթերը կրկին կը տեղադրուին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին վրայ:

Իսկ Յորդանանի եւ Իրաքի համար հայկական նիւթերու շօշափումը կապուած է պետական իրադարձութեանց, ինչպէս` Հայաստանի նախագահի Ամման այցելութիւնը կամ Պաղտատի մէջ Հայաստանի դեսպանի նշանակումը: Այստեղ նոյնպէս «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի ներթափանցում արձանագրուած է` հասանելիութիւն ապահովելով արաբ ընթերցողին ու մամուլին մէջ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ արաբերէնը դիւրահաղորդ կը դարձնէ նոյնիսկ հայ ընթերցողը հայկական նիւթերուն առնչութեամբ:

Այս մեկնակէտէն բազմապատկուած է թիւը «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի հայ ընթերցողներուն, որոնք կը նախընտրեն արաբերէնով ծանօթանալ հայ քաղաքական, մշակութային զարգացումներուն: Սակայն բուն թիրախը այս շերտը չէ:

zaghig-aztagarabicՄեկնելով նաեւ Ցեղասպանութեան թեմայէն եւ մանաւանդ հարիւրամեակի հանգամանքէն, որ ինքնին արաբական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչները մղած է արծարծելու Ցեղասպանութեան թեման, կայքը աղբիւր կը հանդիսանայ անոնց համար` իր բովանդակալից նիւթերով:

Կայքի նուաճումներէն կարելի է համարել նաեւ Եւրոպայի երկիրներուն մէջ հաստատուած հայ թէ արաբ ընթերցողին ներգրաւուածութիւնը: Օրինակ Շուէտը, ուր մեծաթիւ արաբներ կ՛ապրին, հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով հայկական նիւթերուն` կը հետեւին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին, իսկ որոշ կայքերու հետ, ինչպէս` Շուէտի արաբալեզու ձայնասփիւռի կայաններ եւ այլն, հայկական նիւթեր կը փոխանակուին:

Այստեղ իր դերակատարութիւնը ունեցած է այն հանգամանքը, որ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը առիթ չի փախցներ արձագանգելու արաբ թէ օտար միջավայրերուն մէջ հայերու ներկայութեան կամ հայկական իրականութեան մէջ արաբ դէմքերու եւ մասնագէտներու ներդրումին մասին, ինչպէս նաեւ` արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած հայկական ձեռնարկներու մասին, մանաւանդ երբ մասնակցութիւն բերած են արաբներ:

Ինը հազարը գերազանցող Դիմատետրի երկու էջերուն ընդմէջէն եւ Թուիթըրի դրութիւններով «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի հասանելութիւնը ընդլայնուած է արաբ եւ արաբախօս հասարակութեան մէջ:

Յիշենք նաեւ, որ վերջին տարուան ընթացքին այս կայքի նիւթերէն օգտուած ու արտատպումներ կատարած են մեծ թիւով պատկերասփիւռի կայաններ, ինչպէս` իրաքեան «Աշթար»-ը, լրատուական կայքեր`«ՕլֆորՍիրիա», «Քնշրին», «Անքաուա», «Պաթնայա», «UCIP Liban Լիբանանի մամուլի համաշխարհային կաթողիկէ միութիւն», «Խապար Արմանի» եւ Դիմատետրի էջեր` «Հաքայա Ուաթան», «Ալամ Արման» եւ այլն, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրողներ, լրագրողներ, համալսարանականներ եւ պատմաբաններ:

 

Նախորդը

«Հերմէս»-ը` Հայաստանի Ու Արցախի Մանուկների Համար

Յաջորդը

Թո՞ւրք Էք

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.