Նախորդ շաբաթավերջին Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի պաշտօնանկ եղաւ, յայտնեց «Sport Mediaset» կայքը:
Մոնաքոյի նախկին մարզիչը իր նոր պաշտօնը ստանձնած էր 2014-ի Մոնտիալէն ետք եւ Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարած զտումի 4 մրցում:
Անոր կազմը չորս մրցումէ ցարդ ապահոված է միայն մէկ կէտ` իր դաշտին վրայ պարտուելով Ռումանիայէն, Հիւսիսային Իրլանտայէն եւ բաւական տկար կազմէ մը` Ֆարօ կղզիներէն: Յունաստան իր միակ կէտը կրցած է ապահովել Ֆինլանտայէն:


