Գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին համաձայն, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումները սկսին, Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը, հակառակ անոր որ, ըստ իտալական մամուլին, ան տարիով մը երկարաձգած է իր պայմանագրութիւնը իտալական ակումբին հետ:
Ներկայիս կը կարծուի, որ ան առաջարկներ ստացած է Ռուսիայէն, Անգլիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Քլոզը ներկայիս մտադիր չէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել: Երբ ատիկա տեղի ունենայ, ան մտադիր է իր ընտանիքին հետ վերադառնալ Միւնիխ եւ հոն մարզիչի արտօնագիր ստանալ:


