ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1997:
Առանց մեծ սիրոյ, խանդավառութեան եւ փափաքի, դպրոցական աւարտական տարիներուս իբրեւ հեռանկար նման ծրագիր չունենալով հանդերձ, կեանքի պայմաններու բերումով եւ մեծ եղբօր չափ հարազատ ու հոգատար անձնաւորութեան մը խնդրանքով, ապա` թելադրանքով, ի վերջոյ պարտադրանքով կը յայտնուիմ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի երդիքին տակ` Նշան Փալանճեան ճեմարանի պատմութիւն կերտած շէնքին մէջ: Համախմբուած ենք սրահի նման տեղ մը, ուր պատասխանատուներուն հետ հանդիպում պիտի ունենանք, համապատասխան ցուցումներ տրուին, եւ սկսինք դասերու: Միջավայրը օտար կը թուի ինծի, երկրորդ եւ երրորդ լսարաններու ուսանողները արդէն իսկ կը ճանչնան զիրար, կան նաեւ առաջին դասարանցիներ, որոնք մուտքի քննութիւն տալու ընթացքին ծանօթացած են իրարու: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ միակ անծանօթն եմ հոն, սակայն վատ կամ խորթ չեմ զգար, որովհետեւ մտքիս մէջ կը կրկնուի անունը այն անձին, որ ինծի տէր-տիրական պիտի ըլլայ, համապատասխան դասաւորումներ պիտի կատարէ եւ երաշխաւորէ, որ ամէն ինչ լաւ ու հեզասահ ընթանայ:
– Դուն օրիորդ Արփիին քով գնա, ինք ամբողջովին պիտի հոգայ քեզի, ինք լաւապէս գիտէ քեզի վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները, մի՛ մտահոգուիր, ինք պիտի դիւրացնէ ուղիդ,- ըսած էր զիս Հայագիտական հիմնարկին մէջ տեսնել փափաքողը, երբ կ՛առարկէի, որ մուտքի քննութեան չեմ ներկայացած, չեմ արձանագրուած, ինչպէ՞ս առաջին օրը յանկարծ դասի պիտի երթամ:
Ուսանողներուն զրոյցով, երկար ժամանակ իրարու չտեսնելու բերումով կուտակուած ամառնային պատմութիւններով, զուարթ բացագանչութիւններով եւ խնդուքով լեցուն սրահին մէկ անկիւնը նստած կը սպասեմ, որ յայտնուի փրկարար օրիորդ Արփին, որպէսզի ես ալ դառնամ հարազատ մէկ անդամը այդ կառոյցին:
– Այսօր օրիորդ Արփին պիտի չգայ, դասի անցէք,- ծանր հարուածի տարողութեամբ յայտարարութիւնը կը լեցնէ ականջներս…
– Իսկ ե՞ս…
Իւրաքանչիւրը գիտէ իր ընելիքը, բացի ինձմէ: Իմ հոգատար-ապաւէնս, որուն գոյութեամբ զինուած` ես համարձակած էի անօրէն կերպով հոն ըլլալ, եղբայրը կորսնցուցած է ու բնականաբար պիտի չգայ հիմնարկ:
Կ՛ուղղուիմ դասարան երթալու ազդանշանը տուած Նարինէին մօտ եւ տատամսոտ կը փորձեմ բացատրել կացութիւնս:
– Դուն Նորա՞ն ես, օրիորդ Արփին կապուեցաւ եւ ըսաւ, որ մտնես առաջին դասարան, ինք երբ գայ, մնացեալ դասաւորումները կը կատարէ:
Աննկարագրելի զգացում մը կը պատէ ամբողջ էութիւնս, հակառակ մեծ ցաւին` չէր մոռցած զիս, չէր մոռցած, որ այդ օրը այդ յարկին տակ պիտի ըլլայ աղջիկ մը, որուն համար իր ներկայութիւնը, ուշադրութիւնը շատ կարեւոր էին:
Օրեր ետք, գիտակցելով հանդերձ, որ պէտք է եղբօր կորուստին համար ցաւակցելու տրամադրութեամբ մօտենամ իրեն, գոհունակ սրտով եւ զինք անձամբ տեսնելու հրճուանքով կ՛ուղղուիմ օրիորդ Արփիին սենեակը:
Հակառակ աչքերուն մէջ լողացող խոր վիշտին, մեղմ ժպիտով կը դիմաւորէ զիս` փարատելով բոլոր մտահոգութիւններս, ապացուցելով, որ ներկայ կամ բացակայ ինք ապաւէնս է ու միշտ նեցուկ` ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները: Կը զրուցենք տարբեր նիւթերու մասին` հին բարեկամներու նման, կը մտերմանանք: Կը զմայլիմ հարազատի կորուստին պատճառած հարուածին դէմ պայքարելու իր քաջութեամբ, հակառակ հագած սեւերուն տակ թաքնուած սիրտը կրծող ցաւին, լաւատեսօրէն արտայայտուելու կարողութեամբ, տխրութիւնը իր շուրջիններուն եւս վարակիչ չդարձնելու իր մնայուն ճիգով, կեանքէն հաւանաբար դառնացած ըլլալով հանդերձ, կեանքին լաւ, գեղեցիկ եւ լուսաւոր կողմը տեսնելու իր կոչով:
Ուրախութիւնս եւ ապահով զգալու զգացումս կը բազմապատկուի, երբ դասարան կը մտնէ հոգեբանութիւն ուսուցանելու: Առաջին քանի մը դասերուն մէջ կը բացատրէ, թէ մարդ ինչպէս կ՛ունենայ գիտակցութիւն, ենթագիտակցութիւն եւ անգիտակցութիւն: Մինչ ան պարզ ու անմիջական ոճով կը փորձէ աւելի մանրամասնել, կը մտածեմ, որ հաւանաբար օրիորդ Արփին իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի փափաքէր այդ պահուն դասարանը չըլլալ, հաւանաբար ըլլար բացօթեայ ծովու ափին կամ լերան մը գագաթին ու բարձրաձայն լար, երկինք նայելով եղբայրը կանչէր` ըսելու այն բոլոր բաները, զորս մարդու կենդանութեան կը զլանանք ըսել:
***
Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը երբեք համալսարանի պաշտօնականութիւնը չունեցաւ հոնկէ անցած սերունդներուն համար, որովհետեւ անիկա եղաւ հարազատ տուն, ջերմ բոյն, որուն մտերմիկ մթնոլորտի կազմութեան եւ պահպանման մէջ իր անջնջելի եւ մեծ դրոշմը ունեցաւ օրիորդ Արփին: Երանի Նշան Փալանճեան ճեմարանի շէնքին մէջ գտնուող օրիորդ Արփիին գողտրիկ սենեակին պատերը լեզու ունենան ու խօսին, պատմեն, ինչ որ լսած են, սակայն ինչ որ միշտ ալ մնացած է իրենց սահմաններուն մէջ: Ոչ մէկ ատեն կը մերժէր ունկնդիրն ու բաժնեկիցը ըլլալ ուսանողներուն գանգատներուն, գոհունակութիւններուն, ուրախութիւններուն, տխրութիւններուն, մտահոգութիւններուն, յիշատակներուն, ցաւերուն, յուսահատութիւններուն, յաջողութիւններուն` մայրական սիրով ու գուրգուրանքով ընկալելով զանոնք, խրատելով եւ յորդորելով, ամէն ինչի մէջ լոյսը տեսնել թելադրելով, թէկուզ այդ լոյսը անկարող ըլլայ խաւարը ճեղքելու, թէկուզ ըլլայ շատ տարտամ, որովհետեւ ինք կը կարծէր, թէ անպայման լոյսը պիտի կարենայ զօրանալ եւ յաղթահարել ամէն մթութիւն: Մեծ համբերութեամբ կը լսէր մեր վէճերուն, անհամաձայնութիւններուն, չարաճճի կատակներուն ու դաւերուն մասին` մեղմ ժպիտով հասկցնելով, որ այս բոլորը ուսանողական կեանքի բնական ընթացքին մաս կը կազմեն, սակայն կարեւորը այս բոլորէն վեր բարձրանալու կարողութիւնը ունենալն է եւ շարունակել ուղին` իւրաքանչիւր դէպքէ փորձառութիւն շահելով եւ զայն դրականօրէն ծառայեցնելով:
Գիշերօթիկի ուսանողներուն պատասխանատուութիւնը ուսերուն` կը փորձէր հասկնալ իրենց տուներէն հեռու գտնուողներուն հոգեկան խարխափումները, կենցաղային պայմանները փոխած տղոց եւ աղջիկներուն ունեցած դժուարութիւնները` ընելով կարելին ու երբեմն անկարելին, զանոնք աւելի հանգիստ զգացնելու, աւելի բնական կեանքի պայմաններ ապահովելու նպատակով:
Ընկերային հաւաքոյթ մը կամ ծրագիր մը կազմակերպելու դիմումները միշտ դրական պատասխանի կ’արժանանային մեզի չափ խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ երեկոներ ապրելու սէր ունեցող օրիորդ Արփիին կողմէ, որ նոյնիսկ գիտէր իւրաքանչիւր ուսանողի նախասիրութիւնը, իւրաքանչիւրին հոգեկան կամ ֆիզիքական դժուարութիւններն ու հարցերը եւ կը փորձէր այդ բոլորը նկատի ունենալ:
Հայագիտականի յարկին տակ օրիորդ Արփիին սենեակին դուռը չէր, որ մնայուն կերպով բաց էր ուսանողներուն դիմաց, այլ` անոր սրտին ու մտքին դռները, որոնցմէ ներս թափանցելը դիւրին ըլլալով հանդերձ, շատ արժէքաւոր եւ յարատեւական էր:
Օրիորդ Արփիին հետ ունեցած մտերմիկ յարաբերութիւնս եղաւ այն կռուանը, որ մղեց զիս սիրելու եւ արժեւորլու հայագիտական հիմնարկը, ուր եկած էի ակամայ: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հասկցայ, որ այդ հիմնարկը ուսանելու կեդրոն չէր լոկ, այլ հայապահպանման փարոս:
***
Սեպտեմբեր 2014:
«Ազդակ»-ի յարկին տակ ենք այս անգամ: Այս անգամը, սակայն, պիտի ըլլար վերջին անգամը, թէեւ ո՛չ ես, ոչ ալ օրիորդ Արփին նոյնիսկ կը մտածէինք, թէ այդպէս կրնայ ըլլալ:
Հայագիտականը աւարտելէս ետք իսկ մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին զիս ապահով զգացնող սիրով ու ջերմութեամբ գրկած ու համբուրած, միշտ ինծի յոյս ու լաւատեսութիւն ներշնչած, արձակուրդի համար Հայաստան երթալու լուրովս բաւական ուրախացած օրիորդ Արփին այս անգամ եւս կը խրատէ, որ լիովին վայելեմ Հայաստանը, չմոռնամ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով ապրելու իւրաքանչիւր վայրկեան` խոստանալով, որ վերադարձիս, երբ ինք աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ, պիտի հանդիպինք կրկին, զրուցենք դարձեալ ու ինք անգամ մը եւս հարազատի նոյն նայուածքը ինծի ուղղելով` պիտի ակնկալէ, որ պատմեմ Հայաստանէն:
Հաւանաբար մեր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ խոստումը մնաց անկատար… Հաւատացած էի լաւ ըլլալու իր լաւատեսութեան, հաւատացած էի, որովհետեւ զինք ճանչնալէս ի վեր երբեք պատճառ չէր տուած թերահաւատ ըլլալու իր ըսածներուն նկատմամբ, այդ պատճառով ալ չկրցայ հաւատալ, որ իսկապէս ալ պիտի չհանդիպինք…
Անվերջ բաժանման գոյժը հազիւ լսած` կրկին վերապրեցայ այդ պահը, երբ Հայագիտականի սրահին անկիւնը նստած ատենս լսեցի, որ օրիորդ Արփին պիտի չգայ, հարց տուի ես ինծի.
– Իսկ ե՞ս…
Վերյիշեցի գիտակցութեան, ենթագիտակցութեան եւ անգիտակցութեան վերաբերող մեր դասը, սակայն այս անգամ իմ ենթագիտակիցիս մասին մտածեցի, թէ պիտի չփափաքէի այդ պահուն նեղ սենեակի մը մէջ ըլլալ ու զսպել արցունքներս, այլ պիտի ուզէի բացօթեայ ծովու ափին կամ լերան մը գագաթին կանգիլ ու բարձրաձայն լալ, երկինք նայելով օրիորդ Արփին կանչել եւ ըսել, թէ կեանքիս մէջ իր ձգած դրոշմը, ունեցած մեծ արժէքը միայն ու միայն ի՛նք` իր լայն ժպիտով, լաւատեսութիւն թելադրող նայուածքով եւ ապաւէն ըլլալու կորովով կրնայ ունենալ: Պիտի խոստովանէի, որ թէեւ ալ ձայնը պիտի չլսեմ, սակայն անոր արձագանգը պիտի գայ հեռուներէն` ըսելու համար, որ կեանքը պէտք է ապրիլ քանի դեռ ուշ չէ, պէտք է կառչիլ լոյսին ու յոյսին: Պիտի հաստատէի, որ մենք` Հայագիտականի իր «զաւակները», թերեւս շատ յոգնեցուցած ենք զինք, հաւանաբար` անքուն գիշերներ պատճառած, սակայն զինք ունինք իբրեւ հոգեւոր մայր ու հարազատ, որուն պատկերն ու յիշատակը, պատգամն ու լայն ժպիտը մեզի հետ պիտի պահենք առյաւէտ:
Կը հաւատամ, որ Հայագիտականի յարկին տակ առաջին օրուան բացակայութեամբդ հանդերձ, ինծի պատճառած հանգստութեան, ապահովութեան ու հարազատութեան զգացումդ պիտի կարենաս նաեւ փոխանցել հեռուէն, սիրելի՛ օրիորդ Արփի…


