Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւերուդ Դիմաց Քու Լաւատես Կեցուածքդ

November 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք բոլորիս համար աշխուժ եւ խստապահանջ Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանը:

Քառասուն օրեր առաջ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր անոր չարչրկուած մարմինը վերջնական հանգիստ գտաւ, եւ իր աչքերուն յոյսն ու լոյսը առյաւէտ մարեցան:

Քառասուն օրեր առաջ աւանդական եւ բազմանդամ ընտանիքի մը մէկ ճիւղը եւս ինկաւ:

Վաղը քառասունքն է Արփի Էթիեմեզեանին: Հայագիտականի օրերէս ծանօթացած եւ անկէ ետք երեք տասնեակ տարիներ իբրեւ ուսուցչուհի, գործակից, ընկերուհի, մեծ քոյր, խորհրդական եւ ազգային թէ կուսակցական մարմիններու մէջ գործակցած Արփի Էթիեմեզեանը ոչ եւս է:

Ամայացած եւ հոգեպէս աղքատացած մեր օրերուն, երբ փորձառու եւ վաստակաւոր անձ մը վաղահաս կը հեռանայ մեզմէ աւելի մեծ թախիծ եւ տագնապ կը ստեղծէ ներաշխարհիս մէջ:

Բոլոր ժամանակներէն աւելի գաղութը մարդուժի լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ: Երկրի եւ շրջանային տնտեսական ու ապահովական պայմանները, համայնքային սուր բանավէճերը, սուրիահայութեան կարիքները, կրթական, միութենական, ազգային թէ կուսակցական տագնապները բոլորիս հոգին ու միտքը կը չարչրկեն, սակայն Արփիին` կրկնակիօրէն: Վերջին տարիներուն Ազգային առաջնորդարանին մէջ իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօնին բերումով աւելի տագնապող եւ խստապահանջ դարձած էր:

Իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ Արփին հոգի եւ ջիղ կը դնէր, այդ պատճառով ալ անոր ինքնուրոյն աշխատելաոճը կը դրոշմուէր ամէնուրեք:

ՀՄԸՄ-էն Հայագիտական, կուսակցական զանազան յանձնախումբերէն մինչեւ առաջնորդարան, ուսուցչական ասպարէզէն մինչեւ խմբապետական պատասխանատուութիւններ ստանձնած բոլոր աշխատանքները բծախնդիր եւ հետեւողական ձեւով իրենց լրումին կը հասցնէր:

Այսօր մեր կեանքին մէջ շատ մարդ շատ գործ ստանձնելու տրամադրութիւն ունին, սակայն կարեւորը գործ ստանձնելը չէ, կարեւորը անշահախնդիր, անանձնական, նուիրուած, արդար, հոգիով եւ ջիղով աշխատիլն էր, իսկ Արփին վերոնշեալ բոլոր տուեալները կ՛ամբողջացնէր:

Դժբախտաբար անանձնական եւ անշահախնդիր մարդոց թիւը սկսած է կամաց կամաց նօսրանալ: Ոմանք առյաւէտ բաժնուելով, ուրիշներ մտածուած հեռու պահելով, ուրիշներ ակամայ հեռացնելով մենք տարուէ տարի, ամիսէ ամիս, օրէ օր մարդուժի աւելի սուր տագնապ կը դիմագրաւենք եւ, ըստ երեւոյթին, պիտի դիմագրաւենք տակաւին:

Յիշատակդ ամէն տեղ է, Արփի՛: Ժպիտդ, խնդուքդ, տագնապդ, ցաւերուդ դիմաց քու լաւատես կեցուածքդ եւ վերջին հանգրուանին կեանքին կապուած մնալու կորովդ բոլորիս մտքերուն մէջ պիտի մնան:

Վստա՛հ եղիր, որ գործդ շարունակողներ պիտի ըլլան:

Վստա՛հ եղիր, որ սկզբունքներդ պահանջներ պիտի ըլլան:

 

Նախորդը

Յիշողութեան Մէջ Միշտ Պիտի Մնայ Իբրեւ Շէնշող Ու Կեանքով Լեցուն Տիպար

Յաջորդը

Ապաւէնս Եւ Լաւատեսութիւն Ներշնչողս… Թէկուզ Հեռուէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.