
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիվըրփուլի յետսապահ Ռայըն Մաքլուկլին եւ Տերպի Քաունթիի յառաջապահ Ճէյմի Ուորտ հարկադրաբար դուրս մնացած են Հիւսիսային Իրլանտայի ազգային խումբէն` վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով:
Մարզիչ Մայքըլ Օնիլ յայտնեց, որ անոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն Ռումանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի մրցումին:
Անոնց փոխարէն ազգային խումբին միացան Քարլ Ուինչեսթըր (Օլտհեմ) եւ Մեթիու Լունտ (Ռոքտէյլ):


