«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած վեց ճակատումներուն ընթացքին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Քոպի Պրայընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն ձախող մրցանիշը հաստատեց` Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ իր կազմին կրած պարտութեան ընթացքին (107-102):
Թէեւ ան նշանակեց 28 կէտ, սակայն ան գերազանցեց Պոսթըն Սելթիքսի անցեալի մարզիկ Ճոն Եաւլիչեքի ձախող մրցանիշը, երբ 26 ազատ հարուածներուն մէջ 16 անգամ վրիպեցաւ կէտ նշանակելու իր առաքելութեան մէջ` այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարելով իր 13,421 վրիպումը:
Անոր կազմը, որ ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 104-100 |
| Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 107-102 |
| Միլուոքի Պաքս – Օքլահոմա Սիթի | 85-78 |
| Տալաս Մավըրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ | 106-98 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 102-100 |
| Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 100-113 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Աթլանթա Հոքս – Եութա Ճեզ
Պոսթըն Սելթիքս – Օքլահոմա Սիթի
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Նիւ Օրլինզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Պրուքլին Նեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց


