Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փթիթ» Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

November 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ptit#11Հրապարակի վրայ է «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը, կարճատեւ ժամանակի յապաղումով, դարձեալ մանուկ թէ պատանի ընթերցողին կը ներկայանայ «Փթիթ»-ը: Ըսինք «կարճահեւ յապաղում»` նկատի առած «Փթիթ»-ին հրատարակիչ եւ մանկավարժ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն յուսալքումը` ի տես կարգ մը վարժարաններու անտարբերութեան: Նոյն ատեն հարկ է յիշել այս ձեռնարկը խրախուսող քանի մը վարժարանները, որոնց քաջալերանքը խթանեց դարձեալ շարունակելու այս նուիրեալ գործը:

30 էջերէ բաղկացած «Փթիթ»-ը ունի հիանալի գունագեղ, պատկերազարդ բովանդակութիւն: Կողքի նկարը կը ներկայացնէ աղջնակ մը եւ մանչուկ մը, ժպտուն տրամադրութեամբ, ստեղծագործութիւնն է վարպետ գեղանկարիչ Ռազմիկ Պերթիզլեանին, որ գեղազարդած է նաեւ «Փթիթ»-ին հեքիաթները, խաղերը եւ զանազան այլ բաժինները, խօսուն եւ տպաւորիչ վրձինով:

«Փթիթ» իր լոյս տեսած առաջին օրէն ուշադրութիւնը գրաւեց մեծահասակին եւ փոքրահասակին: Անոր էջերը լեցուն են միտք հրահրող, զգացում շոյող խաղերով, որոնք հանելուկի նման հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն մանկան եւ պատանիին երեւակայութեան մէջ . օրինակի համար, տրուած են բառերու ցանկ մը, որոնց մէջէն պիտի գտնես պտուղի անուններ` տառերը յարմարցնելով, ուրիշ էջի մը վրայ ներկայացուած են բառեր` կարդալու համար հակառակ կողմէն, որոնք կու տան տարբեր իմաստ եւ կ՛ըլլան նոր բառեր: Այս բոլորը մանուկին եւ պատանիին ուղեղը արթուն կը պահեն:

Հետաքրքրական են հեքիաթները` բարոյալից եւ դաստիարակիչ: Նիւթերը ընդհանրապէս ընկերային եւ ընտանեկան յարաբերութեան բնոյթ ունին, միշտ դէպի լաւը եւ արդարը առաջնորդող:

Տիկին Վերժին Աբրահամեան ոչինչ խնայած է գեղեցիկը, ուսանելին, դաստիարակիչը ներկայացնելու համար ընթերցող փոքրերուն եւ մեծերուն: Ծնողքին եւ ուսուցիչին պարտականութիւնն է, իրենց դեռատի զաւակներուն եւ աշակերտներուն մտածումները առաջնորդել զբաղումի ձեւին տակ նման ընթերցանութիւններու: Գիտենք դարուն ստեղծած գիտական նորութիւնները, համակարգիչի դասերը, որոնք կ՛ազդեն դեռափթիթ մեր զաւակներուն զգացումներուն: Ծնողքին, ուսուցիչին, դաստիարակին պարտքն ու պարտականութիւնն է նորագոյն մեր սերունդը առաջնորդել հայոց լեզուով հրատարակուած նման պարբերաթերթ կարդալու:

«Փթիթ» ոչինչով կը զիջի եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներուն լոյս ընծայած նման հրատարակութիւններուն, գովասանք չնկատուի, երբ ըսենք, որ կատարեալ աշխատանքի մը արդիւնքն է «Փթիթ»-ը, պատրաստուած է ի սէր մեր նորագոյն սերունդին զարգացման: Ակնահաճոյ պատկերներ, զուարճալի ասոյթներ, հանելուկային մտածումներ կ՛ամբողջացնեն «Փթիթ»-ի այս թիւը, ինչպէս` նախորդ թիւերը:

Մեր այս ամփոփ ակնարկով կը հրաւիրենք պատասխանատու դաստիարակները, ծնողք ըլլան թէ ուսուցիչ, որ անտարբեր չմնան «Փթիթ»-ին նկատմամբ, որպէսզի կարելիութիւն ունենանք Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլէն ակնկալելու իրենց նուիրումով իրագործուած «Փթիթ»-ները:

Նախորդը

Հալէպէն Անդին… Վերջին Կիրակին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.