ArmSport.am կը հաղորդէ, որ բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան հեռացաւ իր ակումբէն` Գանձասար Կապանէն` նկատի ունենալով, որ հայկական ակումբը չէ ուզած շարունակել համագործակցութիւնը:
«Իմ պայմանագրութիւնս ակումբին հետ կ՛աւարտի յունիս 2015-ին: Բայց ինծի յայտնեցին, որ չեն ուզեր շարունակել համագործակցութիւնը: Ես անակնկալի եկայ այս լուրէն եւ երբ ուզեցի պատճառները հասկնալ, ոեւէ մէկը այս գծով բացատրութիւն չտուաւ ինծի», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 28 տարեկան բերդապահը վերջին երեք մրցումներուն հիմնական կազմին մէջ նկատի չէր առնուած Գանձասարի կողմէ:


