Աշխարհահռչակ «ՖՈՐՊՍ» պարբերաթերթը անգամ մը եւս անդրադարձաւ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն:
ArmSport.am յայտնեց, որ թարմացուած ցուցակին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ կռփամարտիկ Ֆլոյտ Մէյվէյզեր, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ 83,8 միլիոն եւրօ:
2-րդ դիրքը կը գրաւէ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի հաւաքականի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն տարեկան ընդհանուր եկամուտը կը կազմէ 80 միլիոն ամերիկեան տոլար (63,8 միլիոն եւրօ). աշխատավարձ` 52 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ գովազդներէն ստացուող հասոյթ` 28 միլիոն ամերիկեան տոլար:
3-րդ դիրքին վրայ է պասքեթպոլիստ Լեպրըն Ճէյմս 72,3 միլիոն եւրոյով:
Իսկ Պարսելոնայի մաս կազմող արժանթինցի Լիոնել Մեսսիի (4-րդ) տարեկան հասոյթն է 64,7 միլիոն եւրօ:


