Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՍԱՐԱՃԵԱՆԻ» (ԽՄԲԱԳԻՐ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ)

July 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարը, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հրամանաւ եւ խմբագրութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսութեան փոխանորդ Վարուժան արքեպիսկոպոսի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս ընծայեց «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 480 էջերէ:

Իր «Նախաբան»ին մէջ Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ սոյն հատորը կը բովանդակէ 350 նամակներ, որոնք փոխանակուած են Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի միջեւ: Կ՛ըսէ, թէ հակառակ երկար փնտռտուքներու, տասնեակ մը նամակներ դեռ կը մնան անյայտ: Սոյն նամակները քաղուած են մեծաւ մասամբ Կիպրոսի արխիւներէն, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ Բերիոյ թեմի արխիւներէն:

Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ սոյն նամակները վկայարանն են եւ սկզբնաղբիւրը Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած եղերական իրադարձութեանց, որոնք կը վերաբերին կաթողիկոսարանի տարագրութեան, Կիպրոսի թեմի տագնապներուն եւ գաղթական հայ ժողովուրդին:

Սոյն նամակներով իրազեկ կը դառնանք այն իրողութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հակառակ Եղեռնի մահաշուք եւ դժնդակ պայմաններուն, կրցաւ տոկալ եւ անխախտ պահել իր գոյութիւնը արտաքին աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Թէ` սփիւռքի տարագիր հայերը, դիմակալելով հանդերձ կրթական եւ հոգեւոր մարզերու մէջ լուրջ դժուարութիւններ, կրցան վերակերտել իրենց կեանքը` հաւատքով եւ յուսադրիչ լաւատեսութեամբ:

Ձեռնարկելով սոյն հատորին հրատարակութեան` Վարուժան արքեպիսկոպոս կը հաստատէ, թէ յիշեալ նամակները ժամանակի բերումով դարձած են հնամաշ եւ անընթեռնելի եւ, այժմ կը գտնուին փճացումի վտանգին տակ: Սոյն նամակներուն վիճակուած տխուր կացութիւնը ան կը բացայայտէ հետեւեալ պատկերացումով. «Հաստափոր տետրակներու մէջ, շատ բարակ թուղթի վրայ քոփիայով արձանագրուած են անոնցմէ մեծ մասը, որոնց մելանը ժամանակի ընթացքին չորցած, բառերը սկսած են անընթեռնելի դառնալ: Երբեմն մելանը խոնաւութիւն առած, գիրերը այլանդակուած են ու հետզհետէ մատնուած են անընթեռնելի վիճակի: Երբեմն բարակ թուղթը կլիմայական անյարմարութեան պատճառով ճաթռտած վիճակի մատնուած է` չորցած մասի պէս փշրուելով»:

Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ սոյն նամակներուն առնչութեամբ կան երկու մտահոգութիւններ. փրկել զանոնք կորուստէ եւ մատչելի դարձնել ընթերցողներուն եւ բանասէրներուն:

Հատորին յաջորդ բաժինով խմբագիր Վարուժան արքեպիսկոպոս սեղմ գիծերու մէջ կը ներկայացնէ Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեանի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի կեանքն ու եկեղեցական գործունէութիւնը:

Այսպէս, Սահակ Բ. կաթողիկոս ծնած է Խարբերդ, 1849-ին: Կը յաճախէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը, ուր սարկաւագ ձեռնադրուելէ ետք, կը շարունակէ իր ուսումը Պոլսոյ մէջ: 1877-ին Երուսաղէմի մէջ կը ձեռնադրուի վարդապետ: 1885-ին կ՛ընտրուի լուսարարապետ եւ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս: 1902-ին կ՛ընտրուի կաթողիկոս, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ունէր 12 միաբան եւ դպրեվանքը ունէր 18 աշակերտ: 1903 ապրիլ 20-ին տեղի կ՛ունենայ կաթողիկոսական օծումը: Իր անդրանիկ կոնդակին մէջ կը թելադրէ հայ հաւատացեալներուն, որ ըլլան հեռատես եւ վերաշինեն կաթողիկոսութիւնը:

Իր կաթողիկոսական գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ չորս հանգրուանները. Կիլիկիոյ շրջան, աքսորի շրջան, դարձեալ Կիլիկիա եւ Անթիլիասի շրջան:

Սահակ Բ. կաթողիկոս կը ձեռնարկէ հովուապետական իր առաքելութեան` համեստ պայմաններու տակ: Ան կը վերահաստատէ յարակցական կապը Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն միջեւ` յիշելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի անունը` սուրբ պատարագի ընթացքին:

1906-ին կը վերաբանայ դպրեվանքը, որ 1909-ին դարձեալ կը փակուի Ատանայի ջարդերուն պատճառով:

1914-ին, երբ կը ծագի Համաշխարհային Ա. պատերազմը, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը դառնայ աքսորական: Կ՛աքսորուի Հալէպ եւ Իտլիպ, ուր Պետրոս Սարաճեան ու Եղիշէ Կարոյեան եպիսկոպոսները կը միանան իրեն Սիսի եկեղեցական սպասներով: Սահակ Բ. կաթողիկոս կ՛անցնի Երուսաղէմ, ուր կը մնայ մինչեւ 1916 թուականը: 1917-ին, կ՛աքսորուի Դամասկոս, ուր կային 50 հազար տարագիր հայեր: Ականատես կ՛ըլլայ գերման եւ թուրք բանակներու պարտութեան: Դաշնակից զօրքերու հովանաւորութեամբ կը վերադառնայ Սիս եւ Ատանա:

Կիլիկիոյ մէջ չորս տարի կը լծուի կազմակերպչական եռուն աշխատանքի: Կը յղէ երկրորդ կոնդակ մը իր շուրջ համախմբուած գաղթական հայերուն` յայտնելով անոնց Եղեռնի կոտորածներէն ետք նոր ընտանիքներ կազմելու եւ դպրոց բանալու մասին իր ծրագիրները:

1920-ին տեղի կ՛ունենայ Մարաշի աղէտը, երբ կը նահատակուին 15,000 հայեր:

1920-ին Սահակ Բ. կաթողիկոս կը մեկնի Փարիզ` Կիլիկիոյ դատը պաշտպանելու համար: Բայց իր ջանքերը կ՛անցնին ապարդիւն: Կը վերադառնայ Սիս, ուր կը մնայ իր ժողովուրդին հետ մինչեւ 1921 թուականը, երբ բազմահազար հայեր կը լքեն Կիլիկիան:

1921-ին Սահակ Բ. կաթողիկոս կ՛անցնի Հալէպ, ուր 1923-ին կը կատարէ առաջին Ս. միւռոնի օրհնութիւնը:

Հալէպի մէջ կը կերտէ առաջնորդարանը: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ կը նշանակուի Արտաւազդ Սիւրմէեան եպիսկոպոսը, իսկ Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ կ՛ըլլայ Պետրոս Սարաճեան եպիսկոպոսը:

Սահակ Բ. կաթողիկոս կը թելադրէ տարագիր հայերուն, որ չգաղթեն Հարաւային Ամերիկա, այլ մնան Միջին Արեւելքի մէջ եւ մնան մօտ իրենց «հայրենական գերեզմաններուն եւ սրբատեղիներուն», որպէսզի օտար հորիզոններու տակ չխաթարուի իրենց ազգային ինքնութիւնը:

Այս շրջանին Բաբգէն արքեպիսկոպոս աթոռակից կ՛ընտրուի եւ կ՛օծուի Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

1930-ին Սահակ Բ. կաթողիկոս կը հաստատուի Անթիլիաս: Նոյն տարին, հոկտեմբեր ամսուն, կը բացուի Անթիլիասի դպրեվանքը` 37 աշակերտներով:

1931-ին կը հիմնուի տպարանը: 1932 թուի յունուարին կը հրատարակուի «Հասկ» ամսագիրը: Կը կազմաւորուին մատենադարանն ու գանձատունը:

1936-ին կը վախճանի Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսը: Կիպրոսի առաջնորդ Պետրոս արք. Սարաճեանը կը նշանակուի կաթողիկոսական փոխանորդ: Սահակ Բ. կաթողիկոս կը վախճանի 1939-ին:

Հատորին խմբագիրը` Վարուժան արքեպիսկոպոս, ապա կը ներկայացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի:

Կ՛ըսէ, թէ Պետրոս արքեպիսկոպոս ծնած է 1872-ին, Սիվրի Հիսար: 1885-ին կը յաճախէ Պոլսոյ Ազգ. Ս. Փրկիչ որբանոցը: 1888 թուի սեպտեմբերին կը մտնէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, զոր կ՛աւարտէ 1891-ին: Սարկաւագ կը ձեռնադրուի լուսարարապետ Սահակ Խապայեանէ: Մինչեւ 1895 կը վարէ ուսուցչական պաշտօն հայկական վարժարաններու մէջ: 1898-ին վարդապետ կը ձեռնադրուի Վեհապետեան պատրիարքէն: Կը շարունակէ պաշտօնավարել Կիպրոսի ու Երուսաղէմի հայկական վարժարաններուն մէջ: 1912-ին, Հաճընի մէջ կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան` Սահակ Բ. կաթողիկոսի ձեռնադրութեամբ: 1914 թուի մայիս 1-ին Սիսի մէջ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս: 1915 թուի մայիս 24-ին Հաճընի ժողովուրդին հետ կը տարագրուի Հալէպ, ապա կ՛անցնի Դամասկոս, Հաճըն եւ Ատանա: 1920-ին, երբ Հաճըն կ՛իյնայ քեմալական հորդաներու ձեռքը, կու գայ Կիպրոս, ուր կը մնայ իբրեւ առաջնորդ: Կ՛ընտրուի կաթողիկոս 1940 մայիսին եւ կը վախճանի նոյն տարուան սեպտեմբերին:

Պետրոս Ա. Սարաճեան եղած է շինարար կաթողիկոս: Իր շրջանին կառուցուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը եւ Նահատակաց Ս. Ստեփանոս մատուռը:

Արդարեւ, «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» խորագրեալ հատորը իր ընդգրկած այլազան նիւթերով կ՛ընծայէ բաւարար ծանօթութիւն` յետեղեռնեան մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքի տագնապներուն, մտահոգութիւններուն եւ գաղթական հայ ժողովուրդի տառապանքին շուրջ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յունիս 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ. ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 902 21/07/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.