Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ԻՆՔՆԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ ԿԱՐՕՏ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵ՜Ր

July 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին տարիներուն գաղութահայ մեր կեանքը ականատես է տարբեր բնոյթի մրցանակներու տուչութեան, որոնց առանցքն ու նպատակը եթէ երբեք մէկ կողմէ  քաջալեր հանդիսանալու գիտակից մօտեցումն է, ինքնակատարելագործման ճանապարհ հարթելու առիթ, յաջողութիւններու նպաստող խթան եւ առհասարակ հաւաքական մեր կեանքին որակական հմայքը ամրագրող նախանձախնդրութիւն, ապա միանշանակ եւ այս բոլորին առընթեր հարկ է արձանագրել նաեւ այն միւս հասկացողութիւնը, թէ իւրաքանչիւր մրցանակակիր պարտաւոր է արժանավայել կերպով տիրութիւն ընել իրեն տրուած մրցանակին եւ գիտակից ոստումով մը փարիլ ընծայուած կոչումին:

Ի դէպ, առաջադրուած մտածումները կ՛ընդգրկեն այն մրցանակները, որոնք սերտօրէն կապ ունին հայ դպրոցին ու աշակերտութեան հետ:

Այլ խօսքով, յաջորդաբար ընդգծումի առարկայ են այն բնագաւառները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի գաղութահայ իրականութիւնը, այլապէս ստեղծելով հայրենասիրական զգացումներու, մարդկային ապրումներու, հաւաքական ծառայութեան թէ նուիրումի անյողդողդ պատուանդաններ:

Արդ, առանձնացնելով հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, եկեղեցւոյ, արտասանութեան, ընդհանուր զարգացման թէ ընթերցանութեան նուիրուած մրցանակներու առկայութիւնը, հարկ է արձագանգել այն իրողութեան, թէ շնորհակալ ու երախտարժան նման պատեհութիւններ իրենց խորքով ու վկայութեամբ պատիւ կը բերեն ազգային մեր կեանքին, ոչ թէ միայն անոր նիւթական արժէքին, աշխուժ մթնոլորտի ստեղծումին եւ մրցակցական ոգիի սերմանումին համար, այլեւ` հայ աշակերտին ներաշխարհը կառուցելու, լուսաւորելու, պատկանելիութեան եւ ինքնութեան խորապատկերը առաւել պայծառացնելու եւ ընդհանրապէս անոր մտքին պաստառը արթնամտութեամբ յագեցնելու տեսակէտէ:

Իրօք, ի սրտէ ծափահարելի եւ ողջունելի են այն բոլոր աշխատանքները, որոնց լծուած են հայ վարժարաններ` իրենց ուսուցիչներու ուղղակի հսկողութեամբ եւ աշակերտներու մասնակցութեամբ:

Այդուհանդերձ, գաղութահայ կեանքի ու դիմագիծի տակաւ շիջումի թէ այլասերումի իմաստով, էապէ՛ս պատուար հանդիսանալու տեսակէտէ, արդեօք նման մրցանակներ բաւարար ենթահող կը պատրաստե՞ն դիմակայելու ցցուած մարտահրաւէրները, չէզոքացնելու  խոչընդոտները, շրջանցելու դժուարութիւնները, աւելի՛ն. վերահայացնելու ազգային կեանքի մէն-մի բնագաւառ թէ առանձնայատկութիւն:

Այո՛, այսօր աւելի քան երբեք ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մեր դարաւոր գուպարին մէջ պարտաւոր ենք ցուցաբերել քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական այնպիսի հասունութիւն, ուր հասանելի ըլլան առաջնահերթութիւններու կենսագործումը, կամքի ու կորովի միաձոյլ ու ներդաշնակ ձեւաւորումը, ազգավայել գործընթացներու որդեգրումը, ժողովրդային շերտերու բարգաւաճումը, յանձանձումը, այլ ասած` հայ անհատի թէ հաւաքական ներուժի փաստական օգտագործումը:

Այլ խօսքով, ձերբազատելու ենք պերճանքով լիացած խօսքերու արտաբերումներէ, սին ու հոգեմաշ արտայայտութիւններէ, ինքնանպատակ վարքագիծերէ եւ անվաղորդայն լծուելու ենք ազգային կռուաններու հզօրացման եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ամրակայման:

Այլապէս, հեզ ու անմեղունակ իրենց տարողութեամբ, մրցանակներու ներկայութիւնը, հակառակ որոշակի ազդեցութեան, ոչ մէկ գերակշռող դերակատարութիւն եւ թելադրականութիւնը կը պարփակէ ինքնիր մէջ, որովհետեւ ներկայ ժամանակներու մեր գոյապայքարի անդաստանին մէջ անոնց ազդուութիւնը սոսկ ժամանակաւոր են, անցեալի յուշ դառնալու դատապարտուած:

Ինչո՛ւ:

Որովհետեւ ազգակործան թէ հերետիկոս արշաւներու դէմ կանգնելու կոչուած սփիւռքեան գաղութները ցարդ կը շարունակեն դասական եւ հնաբոյր իրենց ապրելու շքերթը, տեղայնամտութեամբ շղարշուած առօրեային կառչածութեամբ, նորոգուելու անատակ վարքագծային պէս-պիսութեամբ, ու մանաւանդ` երիտասարդական խանդին ու արժէքին նկատմամբ պահպանողական ասոյթներու շարադասութեամբ:

Արդ, հաւանաբար ակնարկուի, թէ աշակերտական կեանքի յարիր մրցանակներու այս գործընթացին  ինչո՛ւ պէտք է զօդել ազգի ու պետական մակարդակի հասնող մտածումներ եւ աշխատանքային հեռանկարներ:

Պատասխանը  յստակ ու մեկին:

Հայոց պատմութեան խորերէն ժառանգուած եւ մինչեւ այսօրուան ժամանակները փոխանցուած հայ վարժարանի վերապահուած առաքելութեան մէջ ի՞նչն է, որ անփոփոխ է եղած ու յարատեւօրէն արդարացի, եթէ ոչ ազգային ինքնութեան տիրութիւն ընելու եւ համամարդկային ձգտումներուն արժանահաւատօրէն մասնակցելու կոչուած արժէքային համակարգն ու աշխարհահայեացքը:

Աւելի՛ն. բաւարա՞ր է օրն ի բուն կարկաչել եւ զզուանք պատճառող խօսքեր բեմականացնել` յանուն ազգային շահերու պաշտպանութեան:

Այսօր դառն իրողութիւններու դէմ յանդիման կանգնած ենք, որովհետեւ ոչ միայն նահանջի կամ անտարբերութեան երեւոյթներու ականատես ենք ազգովին, այլ նաեւ` հայաբորբ զգացումներու տակաւ ընդարմացումին, պայծառ մտայղացումներու մթագնումին, հայ վարժարաններու փակումին, թերթի ու գիրքի, խմբագիրի թէ ընթերցողի մենակեաց կեանքի դատապարտումին, հայագիտական արժէքներու փետրաթափումին, հայ լեզուի ու գրականութեան պաշտպանութեան լծուած անհատի անտեսումին, եւ մասամբ նովին:

Յայտնապէս, ախտանշումներու հետ միատեղ, առաջարկութիւններ լսելու սովոր եւ ինքնանպատակ կեանք վարելու հանդէսներ կ՛ապրինք, առանց թափանցելու հարցերու իսկութեան մէջ, եւ կամ` խրոխտ ճակատով դիմակայելու ամէն պարզուած խոչընդոտ:

Խայտաբղէտ հարցադրումներու շարքին են նաեւ անոնք, որոնք թափանցկութեամբ պիտի անդրադարձ կատարեն արդի օրերու դժուարութիւններուն նշումին:

Այսպէս, ո՛ւր են այն ՄՐՑԱՆԱԿները, որոնք պիտի պաշտպանեն հայ ինքնութեան ու պատկանելիութեան կռուան հանդիսացող բազմաթիւ կառոյցներն ու գոյութենական վահանները:

Փաստօրէն, համայնակուլ եւ դասալիք այս պայմաններուն մէջ, ինչպիսի՛ զօրակցութիւն կը վայելէ հայ մտաւորականն ու ազգային իրաւ գործիչը, արուեստագէտն ու գրականութեան տարածիչը:

Յապաղած եւ սակայն սպասելի մրցանակներու հանդիսութիւններ ինչո՞ւ չեն փայլատակեր գաղութահայ կեանքի իւրաքանչիւր արահետի մէջ` յանուն հայ երգի, պարի, թատրոնի, գիրքի ու գրականութեան պանծացումին, ազգին մօտ վերակենդանացնելու ազգասիրութեան տիպականութիւնը ու ինքնավստահութիւնը:

Օտարամոլութեան դէմ պայքարողներու նկատմամբ ինչպիսի՛ վերաբերում կը ցուցաբերենք հաւաքաբար:

Ազգային առանձնայատկութիւններու եւ արժէքներու պաշտպանութեան լծուած հայորդիներու համար հոգեհարազատ ինչպիսի՛ պայմաններ կը հրամցուին:

Ազգային միութենական կեանքի ծաղկումին թէ վերելքին համար զինուորագրեալ հայորդիներու փաղանգները ինչո՛ւ կը նօսրանան:

Հայ մշակոյթի պանծացումին համար պայքարող արուեստագէտներու անմնացորդ քաջալերանքը ինչո՛ւ կը սահմանափակուի սոսկական տարեթիւերու լայնքին:

Ստուգապէս, հայ աշակերտին յաջողութեան  վերապահուած ամէն նուիրական մտայղացում, օժանդակութիւն եւ մղում, բարեբեր ծիլերու եւ յուսադրիչ օրերու կը ծառայեն:

Միեւնոյն ատեն, հաւաքական կեանքի զարթօնքին ու աննախընթաց վերելքին համար կոչուած ամէն իրաւ գործընթաց, ազգի որակական հեղինակութիւնն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու, յառաջդիմելու եւ զարգանալու հրաշափառ առիթներ կ՛ընծայեն` մարդկութեան բազմաոլորտ ամպիոններէն հայօրէն հանդէս գալու գիտակցութեամբ եւ մրցանակներու պսակադրութեամբ:

Լծուինք աշխատանքի` նաեւ այս ուղղութեամբ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նախորդը

ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ՀԱՏՈՒԱԾԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Յաջորդը

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ. ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.