Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ` Կործանուած Գիւղի Մը Վերածնունդը

October 28, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1028maragha-1Արցախեան վերակերտուած գիւղի մը մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կառուցեց համայնքային կեդրոն մը, ուր բնակիչները կը մասնակցին գիւղի հանրային կԵանքին, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ բժշկական տարրական խնամք կը ստանան:

Ահա հայուն ծանօթ պատմութիւն մը. յանկարծ ազերի արիւնարբու զինուորներու ու աւազակներու հրոսախումբ մը կը խուժէ հայկական գիւղ մը եւ աներեւակայելի վայրագութեամբ կը քանդէ ամէն ինչ ու կը ջարդէ ժողովուրդը: Այս էր, որ պատահեցաւ Մարաղայի մէջ. արցախեան գիւղ մը, որ հիմնուած էր Պարսկաստանի իրենց նոյնանուն համայնքէն ժամանակին հոս գաղթած հայերու կողմէ:

«Ամնեսթի ինթըրնեշընըլ»-ի տեղեկագրութեամբ, ազրպէյճանական ուժերը հարիւր գիւղացի «սպաննած» էին Մարաղայի մէջ: Բայց կար աւելին. կոտորածով չբաւարարուած` ազերի զինուորները գլխատած ու այրած էին գիւղացիները` անճանաչելի դարձնելով անոնց մարմինները, ինչպէս պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը պիտի հաստատէր նախճիրէն ետք գիւղը այցելելով: Թէեւ հազարաւոր հայեր զոհուեցան Արցախի ազատամարտին ընթացքին, սակայն Մարաղայի ջարդը, յատկապէս, ազերի բարբարոսութեան ամէնէն ցցուն ու սրտաճմլիկ օրինակը պիտի դառնար:

Սակայն կային վերապրողներ, որոնք մազապուրծ փախչած էին սպանդէն: Ժամանակ մը ետք անոնք հիմնեցին գիւղ մը` այժմ ազրպէյճանական գրաւման տակ եղող իրենց բնակավայրէն ոչ շատ հեռու, եւ զայն կոչեցին Նոր Մարաղա: Այդ օրէն ի վեր անոնք վերսկսան իրենց կեանքը` շինելով տուն եւ դպրոց, մշակելով հողը. եւ այսպիսով, մնացին իրենց հին գիւղին մերձ, թերեւս օր մը հոն վերադառնալու յոյսի նշոյլ մը կենդանի պահելով եւ վստահաբար ազերիի քանդիչ բնազդին դէմ արհամարհական կեցուածքով մը:

1028maragha-2Նոր Մարաղայի համայնքի կեանքը աւելի եւս կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը համայնքային բազմաբնոյթ կեդրոն մը կառուցեց գիւղին մէջ` նոր եռանդ ներշնչելով անոր 516 բնակիչներուն:

Համայնքային կեդրոնը կը պարփակէ դահլիճ մը` զանազան ձեռնարկներու ու ժողովներու համար, համակարգչային սենեակ մը` համացանցային կապով, եւ բուժարան մը, ուր գիւղացիները բժշկական կենսական խնամք կրնան ստանալ: Համայնքային կեդրոնին մէջ են նաեւ գիւղապետարանի գրասենեակները, ուր գիւղապետն ու իր անձնակազմը հանդիպումներ կ՛ունենա՛ն գիւղացիներուն հետ` այսպիսով հանրային կեանքին մէջ գործօն մասնակցութիւնը քաջալերելով:

Ինչպէս հիմնադրամի բոլոր նմանատիպ ծրագիրները, Նոր Մարաղայի համայնքային կեդրոնը կառուցուած է բարձր չափանիշներով եւ օգտագործման համար օժտուած է բոլոր անհրաժեշտ յարմարութիւններով, ներառեալ` ջեռուցային եւ օդափոխիչ համակարգեր, սենեակներու ու սրահի կահաւորում եւ համակարգչային սարքաւորումներ:

Գիւղը ունի նաեւ Նահատակաց կոթող մը, որ բացի հին Մարաղայի ջարդի զոհերուն յիշատակը վառ պահելէ, գիւղացիներուն կը յուշէ աչալուրջ մնալ` նկատի առած ըլլալով իրենց համայնքի սահմանամերձ, հետեւաբար` վտանգաւոր դիրքը:

Հակառակ իրենց ողբերգական անցեալին` Նոր Մարաղայի բնակիչները այսօր կ՛ապրին աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով, մշակելով հողը, զբաղելով անասնապահութեամբ, աշխուժ մասնակցութիւն բերելով համայնքի կեանքին: Իսկ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը աշխարհի տարածքին իր նուիրատուներու նեցուկով կրցած է սատարել գիւղի վերակերտման` համայնքային կեդրոնի կառուցման շնորհիւ:

 

Նախորդը

Թուրք Բեմադրիչի Հարցազրոյցը «Ցեղասպանութիւն» Բառի Թապուի, Պատմութեան Չառերեսուելու Եւ Ժապաւէն Նկարահանելու Պատճառների Մասին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Արաբ Բունար

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.