Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԸՍՏ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

July 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց վարչական եւ ելեւմտական մարզի պետական քննիչներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ան հաստատեց այդ խորհուրդներուն առաքելութեան կարեւորութիւնը` կառավարութեան գործադրելիք աշխատանքային ծրագիրին առումով:

Միքաթի շեշտեց, որ այդ նիստին նպատակն է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին ուղղուածութիւնը գործադրել պետական հաստատութիւններուն մէջ:

Վարչապետը նկատել տուաւ, որ քաղաքացիները երկար ատենէ ի վեր կը տառապին պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած թերացումներէն, ինչպէս նաեւ կը բողոքեն կարգ մը հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն դէմ: «Այս կացութիւնը պէտք է անմիջական սրբագրութեան ենթարկել եւ վերջ տալ պետական քննիչներու աշխատանքին  կատարուելիք բոլոր միջամտութիւններուն», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած ապօրինութիւններուն եւ օրինախախտումներուն պէտք է վերջ մը դնել` աւելցնելով, որ պետական նշանակումները հերթաբար պիտի կատարուին` ըստ ատակութեան եւ կարողութիւններուն:

Միքաթի յայտնեց, որ քննիչներուն աշխատանքը պիտի ըլլայ թափանցիկ եւ արդար` հեռու վրէժխնդրութեան կամ ոխակալութեան մօտեցումներէն:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասը, որ վարչապետին հետ քննարկեց միութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Դրամատուներու աշխատանքին հսկող քննիչ յանձնախումբի նախագահ Ուսամա Մըքտաշի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Նաամանի:

Նշենք, որ Միքաթի նախանցեալ օր երկարատեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ: Քննարկուեցան նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան կապուած սուտ վկաներու թղթածրարն ու զայն ամբողջացնելու կարելիութիւնը, որպէսզի սուտ վկաներուն հարցը եւս քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ օրերը պիտի փաստեն, թէ իր իշխանութեան ընթացքին ոչ մէկ լիբանանեան համայնք պիտի իրաւազրկուի` պետական պաշտօններ ստանձնելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.