Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

July 21, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդակցական հանդիպման պահուն

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց խորհրդակցութեան մը` նուիրուած արտագաղթի քաղաքականութեան, ուր քննարկուեցան արտագաղթի հոսքերուն հետ կապուած առկայ միտումները եւ կառավարութեան քաղաքականութիւնը այդ մարզին մէջ:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակը փոխանցեց, որ խորհրդակցական հանդիպումին մասնակցած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեան, կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեան, ոստիկանութեան պետ Ալիք Սարգսեան, տարածքային կառավարման նախարարութեան արտագաղթի ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան եւ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Ստեփան Մնացականեան:

Նախագահը նախ ուշադրութեան հրաւիրեց սոյն մարզի խնդիրներուն հանրային ներկայացման կարեւորութեան վրայ` շեշտելով, որ եթէ իրենք պատշաճ ուշադրութիւն չդարձնեն թիւերուն եւ միտումներու պարբերական հրապարակային մեկնաբանութեան, ապա կիսատ-պռատ եզրակացութիւններու եւ մակերեսային վերլուծութիւններու միջոցով բաւական աշխուժ շահարկումները ուղղակի անխուսափելի կը դառնան:

Իբրեւ թարմ օրինակ ան նշեց, որ յունուար-ապրիլ ամիսներուն ուղեւորափոխադրման ցուցանիշներու հրապարակումէն ետք, «Հայաստանը լքած են 45 հազար բնակիչներ» արտայայտութիւնը ուղղակի դարձաւ առանձին շրջանակներու կարգախօսը, որ սեւ գոյներով լիուլի շահարկուեցաւ:

«Օրինակ, ոչ ոք յայտարարեց, որ եթէ առաջին չորս ամիսներուն Հայաստանէն մեկնողներու եւ Հայաստան վերադարձողներու թուաքանակի տարբերութիւնը կազմած է անընդհատ կրկնուող 45 հազարը, կամ ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն` Հայաստանը լքած է 45 հազար մարդ, ապա եթէ ոեւէ մէկը նեղութիւն կրէր դիտարկելու այս ցուցանիշի ուժականութիւնը ամսական կամ եռամսեակային կտրուածքներով, ապա կրնար դիւրութեամբ նկատել, որ այս տարի հոկտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն արդէն հակառակ պատկերը պիտի ըլլայ եւ Հայաստան վերադարձողներու եւ Հայաստանէն մեկնողներուն տարբերութիւնը պիտի գերազանցէ 40 հազարը, կամ, այսպէս ըսած, Հայաստանը լքածներէն 40 հազարը պիտի վերադառնայ», ըսաւ նախագահը:

Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի դատարկուելուն մասին անհեթեթ թեզը այնքան ծեծուած է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, որ ակամայ դարձած է նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հիմնական սեւեռակէտը, եւ վերջիններն ալ անընդհատ հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ կը սպասեն այն օրուան, այսինքն` Հայաստանի դատարկուելու օրուան, եւ իրենց խնդիրները կը լուծեն Հայաստանի հետ:

Նախագահ Սարգսեան աւելցուց, որ ազրպէյճանցիները եկած են նաեւ այն եզրակացութեան, որ ինք իբրեւ թէ ներքին ընդդիմութեան հետ բանավէճին պատճառով է, որ ուշադրութիւն շեղելու համար կը զբաղի բանակի հզօրացման խնդիրներով: «Կրնամ միայն ըսել, որ ազատ արտայայտուող եւ երկրին զարգացման խնդիրներուն շուրջ մտահոգութիւններ հնչեցնող ու սուր քննադատող ընդդիմութիւնը մեր երկրին եւ մեր ժողովրդավարութեան ձեռքբերումն է, որ բոլորին չէ, որ տրուած է: Հակառակ անոր որ չեմ սիրեր խօսիլ երեւակայական երեւոյթներուն մասին, բայց պիտի նշեմ, որ եթէ երբեք Ազրպէյճանի մէջ թոյլ տան բնականոն ընդդիմութեան գոյութիւնը, կամ գոնէ մարդոց թոյլատրեն ազատ արտայայտել իրենց կարծիքները, ապա միեւնոյնն է, չեմ կարծեր, որ մենք պիտի կառուցէինք մեր ռազմավարութիւնը ազրպէյճանական ընդդիմութեան թեզերով: Ընդդիմութեան հետ աշխատանքի փորձ ունեցող իշխանութիւնը միայն ատիկա կը հասկնայ», նշեց նախագահը:

Ըստ անոր, արտագաղթի հոլովոյթները Հայաստանի մէջ համընդհանուր հետաքրքրութիւններու եւ մտահոգութեան առարկայ են: Բոլորը լաւ գիտեն, որ Հայաստանի մէջ արտագաղթի վիճակագրութեան պակաս կամ տուեալներու հաւաքագրման թերացումներ կան, որոնք թոյլ չեն տար կարճաժամկէտ հատուածի մը համար պարբերաբար եւ ճշգրիտ պատկերացումներ կազմել իրավիճակին եւ զարգացումներուն մասին:

Նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանէն արտագաղթի եւ մնայուն բնակութեան մասին ճշգրիտ տուեալները հասանելի կրնար դառնալ մարդահամարի իբրեւ արդիւնք, որուն նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են եւ իրենք արդիւնքներ կ՛ունենան փետրուար 2012-ի աւարտին: Իսկ մինչ այդ եզրակացութիւններու համար կարելի է դիմել երկրի արտաքին ուղեւորափոխադրումներու մասին վիճակագրութեան:

Ըստ անոր, տարուան ընթացքին երկիր ժամանած եւ երկրէն մեկնած ուղեւորներու տուեալները եւ յատկապէս անոնց մնացորդը միայն կրնան յուշել արտագաղթի մասին, թէեւ տուեալները կը վերաբերին բոլոր կարելի պատճառներով ուղեւորաշարժին:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԱՄԱԶԵԿՈՒՑՈՂԸ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.