Երէկ` կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Գիւտ խաչի կիրակի օրը նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցիները ունին իրենց տարեկան անուանակոչութեան տօները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ետին նպատակ մը կայ: Ապա առաջնորդ սրբազանը բացատրեց Գիւտ խաչի տօնին իմաստը, որ կը խորհրդանշէ այն դէպքը, երբ Հեղինէ թագուհին կը փնտռէ եւ կը գտնէ Քրիստոսի խաչափայտը: Տօնը կը վերաբերի եկեղեցւոյ անունին հետ` նշան Ս. Խաչի:
Անդրադառնալով օրուան տօնին իմաստին` սրբազանը շեշտեց, որ խաչի նշանին մէջ կը գտնենք քրիստոնէական հաւատքը, արժէքներն ու սրբութիւնները: Եզրափակելով իր խօսքը առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ այսօրուան կացութեան մէջ պէտք է ամէն գնով պահպանել ու պաշտպանել օրուան տօնին իմաստը մեր հայկական կեանքին մէջ: Ապա ան պահպանիչով փակեց իր խօսքը:
Այնուհետեւ եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը: Մատաղը հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնուեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ:


