Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանի աւելի քան երեսունհինգամեայ ծառայութեան երախտիքի հանդիսութիւնը: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծխատէր քահանաներէն Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ յոտնկայս Տէրունական աղօթքէն ետք սեղմ տողերու մէջ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով անդրադարձաւ մեծարեալ քահանայ հօր կենսագրական գիծերուն: «Այսօր հոս հաւաքուած ենք հրապարակային գնահատականով արժեւորելու տէր Խաչիկի 35-ամեայ վաստակը», ըսաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան` յաջողութիւն եւ երկար կեանք մաղթելով մեծարեալ տէր հօր:
Ապա օրուան պատգամախօս Րաֆֆի Եսայեան անդրադարձաւ մեծարեալի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն` վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնն ու նուիրումը հայ եկեղեցւոյ: Նմանապէս այս առիթով խօսք առաւ շրջանի հոգեւոր հայրերէն հայր Ժորժ Մրատ, որ արաբերէնով բարձր գնահատեց տէր Խաչիկի ծառայութիւնը հայ եւ առհասարակ` քրիստոնեայ եկեղեցւոյ: Թուելէ ետք տէր Խաչիկի հոգեւոր ծառայութեան գլխաւոր հանգրուանները, հայր Մրատ մեծ դրուատիքով յիշեց անոր հետ իր հնգամեայ բարեկամութեան տպաւորութիւնները` մեծ պատիւ նկատելով իրեն համար այս առիթով խօսելու տէր Խաչիկի մասին:
Իր կարգին շնորհակալութեան իր խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով յայտնեց մեծարեալ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան` բարձր գնահատելով ճիգերը բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են իրեն իր գործունէութեան ընթացքին` հասցնելով զինք այս հանգրուանին: «Այսօր կու գամ վերանորոգելու ուխտս, դուք ինծի եղաք բարեկամ եւ ծխական ժողովուրդ ու ես իմ յաջողութիւնս կը պարտիմ ձեզի», ըսաւ տէր Խաչիկ` խօսքը ուղղելով ներկաներուն: Նմանապէս երէցկին Մանիա Միսիրեան հայերէնով եւ արաբերէնով շնորակալութեան ու երախտիքի իր սրտի խօսքը փոխանցեց այս առիթով յայտնելով, որ տէր Խաչիկ եղած է «տիպար հայր եւ օրինապահ ամուսին»:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ մեծապէս դրուատեց մեծարեալին ազգային, եկեղեցանուէր արժանիքները` ընդգծելով, որ թէեւ մեծարանքի հանդիսութիւնները հանգստեան կոչուելու առիթով կ՛ըլլան, «բայց դուն տակաւին մեզ հետ ես»: Սրբազան հայրը այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմնին` Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան: Այս առիթով եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրներով անջատաբար պարգեւատրեցին տէր Խաչիկը: Հանդիսութեան ընթացքին մերթ ընթ մերթ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Կոմիտասէն, Եկմալեանէն եւ այլ հոգեւոր շարականներով ու ազգային ժողովրդական երգերով` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալլոզեանի եւ ընկերակցութեամբ տուտուկի վրայ Յակոբ Քելուկեանի:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան:


