Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ԱՄԻՍԸ ՍԿՍԱՒ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» ՆԻՒԹՈՎ

July 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղօթքի ամսուան բացման պահուն

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին եւ հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բացումը Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած ամսուան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակի քարտուղար Լուսին Գաբրիէլեան: Ան նկատել տուաւ, որ իրենց նպատակն է վերյիշում կատարել եւ անդրադառնալ նախկին արարողութիւններուն եւ աղօթքներուն` յիշելով Աստուածածնայ նուիրուած ճոխ եւ հարուստ գրականութիւնը, որպէսզի կրկին անգամ թարմացնենք քրիստոնէավայել յիշողութիւնը, կեցուածքը եւ նուիրուածութիւնը:

Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ ժամանակը եկած էր գործադրելու իրենց ծրագիրը` վերականգնելու հաւատքի ու բարեպաշտութեան այն զգացումը, զոր ժողովուրդը ունէր: «Այսօր մեր ժողովուրդին հաւատքը ձեւական է եւ ոչ մէկ ձեւով հաւատքի, քրիստոնէական հիմք ունի», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ բարեպաշտ, հաւատացեալ ապրումը եւ կեանքը ներկայիս գոյութիւն չունի: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին համար սուրբերուն տօնակատարութիւնները այլեւս ոչինչ կը նշանակեն: Սրբազանը շեշտեց, որ բոլորին մէջ հիմնականը Աստուածամայրն է, եւ անոր նկատմամբ հաւատքը եւ բարեպաշտութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ ժամանակէ մը ի վեր իրենք կ՛ուզէին սկսիլ այս ծրագիրին` Ս. Աստուածածնայ նուիրուած օր մը որոշելով ամսուան ընթացքին:

Սրբազանը բացատրեց, որ 17 յուլիսէն 23 օգոստոս Ս. Աստուածածնայ նուիրուած զանազան տօներ կան, եւ այս նպատակով այս աղօթքի ամիսը նախաձեռնուած է:

Դոկտ. Թամար Տասնապետեան

Օրուան բանախօս դոկտ. Թամար Տասնապետեան խօսեցաւ «Հայ ժողովուրդի ցուցաբերած ջերմեռանդութիւնը Ս. Աստուածածնայ նկատմամբ» նիւթին մասին: Ան նկատել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ քիչ խօսուած է Մարիամի մասին: Սակայն աւելի ուշ, երբ մարդիկ ուզեցին տեղեկութիւններ գիտնալ Յիսուսի ծնունդին մասին, այն ատեն Մարիամ արժանացաւ մեծ յարգանքի եւ երբեմն ալ հանդիսացաւ պաշտամունքի առարկայ: Բանախօսը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաջին հայրերուն ունեցած կարծիքներուն` Աստուածամօր, ինչպէս նաեւ Ս. Կոյս Մարիամէն Յիսուսի ծնունդին մասին: Դոկտ. Թամար Տասնապետեան մէջբերումներ կատարեց առաջին մատենագիրներու վկայութիւններէն` կուսութեան եւ մայրութեան կէտերուն վերաբերեալ: Ան անդրադարձաւ Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի եւ Պետրոս Սիւնեցիի վկայութիւններուն, որոնցմէ կարդաց հատուածներ:

Այնուհետեւ Տասնապետեան անդրադարձաւ ժողովրդային հաւատքին եւ արուեստին մէջ Մարիամի ունեցած դերակատարութեան եւ ազդեցութեան` հաստատելով, որ հետզհետէ Մարիամի մասին գրութիւնները զարգացած են, որովհետեւ արծարծուող հարցերը Քրիստոսի մասին եղած են եւ «Որդին ու Մայրը անքակտելիօրէն միացած են»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ աղօթք` նուիրուած Ս. Աստուածածնայ:

 

Նախորդը

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿՈՂՔԻՆ` ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաջորդը

«ՌՈՒՍԻԱ ԻՐ ՀՈՂԱՄԱՍԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԱԶԳԱՄԻՋԵԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱՐՏՕՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.