Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿՈՂՔԻՆ` ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

July 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ աշխատանքային հանդիպում ունեցան Բերիոյ թեմի առաջնորդ` Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Հանդիպման առանցքը ընդհանրապէս Սուրիոյ ներքին կացութիւնն ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն էին:

Առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները վեհափառին մանրամասն զեկուցեցին համայնքի կացութեան առնչուած հարցերուն ու աշխատանքներուն շուրջ` միաժամանակ արժեւորումը կատարելով Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան:

Վեհափառը գոհունակութեամբ իմանալէ ետք Ազգային առաջնորդարանի եւ իշխանութեան ու յարակից մարմիններուն կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, շեշտեց ըսելով, թէ` «մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, միշտ ըլլալով երախտապարտ այն ջերմ սիրոյն, զոր ցոյց տուին մեզի սուրիացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը Ցեղասպանութենէն ետք: Անոնք իրենց հացն ու ջուրը բաժնեցին մեզի հետ` մեզ նկատելով ո՛չ միայն բարի դրացի, այլեւ լիիրաւ քաղաքացի սուրիական հայրենիքին: Սուրիոյ հայ ժողովուրդը միշտ իր պարտականութիւնը կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել սուրիական հայրենիքի վերելքին ու անոր ամբողջականութեան պահպանման: Այսօր, երբ դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի Սուրիան, հայ ժողովուրդը երախտագիտութեան ու պարտաւորութեան նոյն զգացումներով պէտք է ամբողջական զօրակցութիւն արտայայտէ սուրիացի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ բարեկարգութիւններուն նկատմամբ»:

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ԵՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

Յաջորդը

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ԱՄԻՍԸ ՍԿՍԱՒ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» ՆԻՒԹՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.