Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած կարգապահական կոմիտէի արձանագրութիւնը, որուն ընթացքին քննարկեց Հայաստանի բարձրագոյն խումբի 9-րդ հանգրուանի` Ալաշկերտ – Միքա (2-0) մրցումին տեղի ունեցած միջադէպը:
Կարգապահական կոմիտէն իւրաքանչիւր խումբէն մարզիկ մը որակազրկեց:
Գոռ Մալաքեան (Ալաշկերտ) մրցակիցի կազմին մարզիկներէն մէկուն հարուածած ըլլալուն պատճառով 6 մրցումով որակազրկուեցաւ, իսկ անոր ակումբը 200 հազար դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Նոյն պատճառով նոյնքան որակազրկում ստացաւ Արմէն Ֆիշեան (Միքա), իսկ անոր ակումբը` նոյնքան տուգանք:


