Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» նշեց, որ վաղը` կիրակի, 19 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Սփիտ Թեսթ»-ի 3-րդ հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենար Ըյուն Սիման – Քֆարզեպիանի մէջ, յետաձգուեցաւ կլիմայական պատճառով:
Մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին անձրեւը պիտի ըլլայ տիրապետող:
Ատոր ի տես, վարորդներուն կեանքը չվտանգելու նպատակով «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» որոշեց յետաձգել այս հանգրուանը` յառաջիկային անոր համար նոր թուական մը ճշդելու նպատակով:


