Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եդուարդ Պոյաճեան (1915-1966), Հայրենի Կորուսեալ Հողին Ինքնատիպ Երգիչը

October 14, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Պ.

YBoyadjianՀոկտեմբեր 13-ին, 48 տարի առաջ, նոր թեւակոխած գրական¬ստեղծագործական իր կեանքի հասունացման փուլը, 51 տարեկանին ապաժամ վախճանեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան եզակի դէմքերէն Եդուարդ Պօյաճեան:

Հայրենի կորուսեալ հողին ինքնատիպ երգիչը եղաւ Մուսա Լերան Խտըրպեկ գիւղի ծնունդ Եդուարդ Պօյաճեանը:

«Հողը ամէ՜ն բան» էր անոր համար. թէ՛ շօշափելի գեղեցկութիւններու եւ հմայքներու անպարագիծ աշխարհ մըն էր, թէ՛ կորսուած ճշմարտութեան եւ խոցուած էութեան որոնումով աշխարհին ու ժամանակներուն բացուած մարդոց թանձրացեալ տարերքն էր, թէ՛ անանց արժէքներու կենսատու աղբիւրն էր, եւ թէ, մանաւա՛նդ, համապարփակ խորհուրդ էր, անծայրածիր հորիզոններու եւ խորագոյն թափանցումներու ընդգրկո՜ւն խորհուրդ:

Իր ողջ էութեամբ բանաստեղծ եղաւ ու մնաց Պօյաճեան ո՛չ միայն իր խոհուն քերթուածներով, այլեւ` կեանքը իր բարդութեամբ վերծանող արձակ էջերով, հողի մարդոց ներաշխարհը պեղող ու շնչաւորող պատմուածքներով, հայ մտքի, մշակոյթի եւ գրականութեան մեծամեծները դիմաքանդակող իր իմացապաշտ վկայութիւններով:

Ինչպէս որ ինք կը վկայէ իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Եդուարդ Պօյաճեան երեք ամսու նորածին մըն էր, երբ Մուսա Լերան բուռ մը հայութիւնը բոլորով, մեծով-պզտիկով, բարձրացաւ իր լեռները` դիմադրելու համար ցեղասպան թուրք պետութեան եղեռնագործ սադրանքին:

Մանկութեան չորս տարիները անցուց Փոր Սայիտ, Եգիպտոս, վրաններու տակ, ուր ֆրանսական փրկարար ռազմանաւերը փոխադրած էին Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդը: Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին իրենց ծննդավայրը վերադարձած մուսալեռցիներուն հետ, Պոյաճեաններու ընտանիքը եւս վերահաստատուեցաւ Խտըրպէկ, ուր Եդուարդ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը` ծննդավայր գիւղի եւ հարեւան Եողուն Օլուքի «երկու համեստ վարժարաններուն մէջ»:

14 տարեկանին, ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի, Պօյաճեան ղրկուեցաւ Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար: Շանթի, Աղբալեանի եւ Ճեմարանի հիմնադիր սերունդի շունչին տակ կազմաւորուեցաւ եւ ծաղկեցաւ գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-քաղաքական նկարագիրը երիտասարդ հայ գրողին: 1930-էն 1935, Եդուարդ Պօյաճեան մնաց Ճեմարան, ուր տակաւին ուսանող` սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին, Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին եւ Պէյրութի «Ազդակ»-ին: 1932-ին լոյս տեսաւ իր առաջին աշխատակցութիւնը:

1935-ին, աւարտելով Ճեմարանը, Եդուարդ Պօյաճեան նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ` մինչեւ մահ նուիր- ւելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործին: Ուսուցչական առաքելութեամբ գործեց Սուրիոյ Թէլ Ապեատ գիւղին, ծննդավայր Խտըրպէկի, Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ Պէյրութի մէջ: Հասցուց սերունդներ, որոնք կապուեցան հայ գրականութեան եւ մշակոյթին` պաշտամունքի աստիճան փարելով ազգային մեր արժէքներուն: Ունեցաւ աշակերտներ, որոնք տիպար ուսուցիչի եւ տաղանդաւոր  գրողի իր կերպարն ու ժառանգութիւնը կեանքի ուղեցոյց դարձուցին:

Ուսուցչական իր ծառայութեան զուգահեռ` Եդուարդ Պօյաճեան թափ տուաւ գրական¬ստեղծագործական աշխատանքին: Մնայուն աշխատակցութիւն բերաւ Կ. Սասունիի եւ Մ. Իշխանի խմբագրած «Ազդակ շաբաթօրեակ»-ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»-ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ»-ին, Համազգայինի «Ակօս»-ին եւ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»-ին: Մաս կազմեց «Բագին» ամսագիրի հիմնադիր եռանդամ խմբագրութեան` Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ:

1944-ին լոյս ընծայեց իր առաջին հատորը` «Սէր եւ վիշտ»-ը, որուն յաջորդեցին «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ զաւակներուս» (1961), «Տոմար տարագրի» (1963) եւ «Երկու նամակ» (1964) գործերը: Իսկ յետ մահու, Եդուարդ Պոյաճեանի գործերէն լոյս տեսան «Դէմքեր» (1967), «Երկեր ¬ Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան, 1994), «Կեանքի ափերէն» (1995) եւ, քանի մը տարի առաջ, «Դուն» ժողովածուները:

Եդուարդ Պօյաճեանի գրականութեան մէջ ինքնուրոյն համադրումի արժանացան աւանդապահութիւնն ու նորարարութիւնը, զգացականութիւնն ու խոհականութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ վերաթարմացումը, հայրենաբաղձութիւնն ու մարդկայնապաշտութիւնը:

Ընկալեալ իմաստով գիւղագիր մը չեղաւ Պօյաճեան, այլ հողի մարդիկը ապրեցուց եւ շնչաւորեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաջորդած մարդկային մեծ հոգերով ու խնդիրներով:

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան եւ մշակութային կենսունակութեան պատգամաբերը դարձաւ, առանց անձնատուր ըլլալու անցեալի մեծ ժառանգութիւնը պարզապէս ըմբոշխնելու եւ սպառելու փորձութեան:

Անցեալին նայեցաւ ու փարեցաւ` ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն համահունչ գալիքի ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ:

Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ ընդդէմ կեղծ արժէքներուն եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան ու ազգային աւանդներու փարիսեցիական պաշտամունքին:

Հայ լեզուն իր ամբողջ հմայքով ու գանձերով ճառագայթեց Եդուարդ Պօյաճեանի գրականութեան էջերէն, ուր բանաստեղծական շունչն ու պատկերաւոր խոհականութիւնը ամբողջապէս կը գրաւեն ու իրենց հմայքով կը պարուրեն ընթերցողի միտքն ու հոգին:

Ապաժամ իր մահով մեծ կորուստ ունեցաւ հայ գրականութիւնը:

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Եւ Հայ Կեանքը…

Յաջորդը

Արարատեան Դաշտավայրի Կենսոլորտը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.