Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Թրքական Բանակին Դէմ Երկու Յարձակումներ

October 11, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1010_Ankara-UniversityԹրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ թրքական բանակի դիրքերուն դէմ երկու զինեալ յարձակումներ կատարուած են: Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, մարդ մը սպաննուած է, երբ բողոքի ցոյցերու ընթացքին սպաննուած երկու անձերու յուղարկաւորութենէն ետք խմբակի մը եւ ապահովական ուժերու միջեւ բախում մը տեղի ունեցած է: Դէպքը արձանագրուած է Մարտին նահանգի Տարկեչիթ գաւառին մէջ: Նշեալ խումբը տեղւոյն կիսազինուորական ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դէմ ձեռակերտ ռումբեր նետած է եւ կեդրոնատեղին քարկոծած: Ըստ Մարտինի նահանգապետութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, զինուորները զգուշացման համար օդը կրակած են, սակայն աւելի ուշ կրակ բացած են, երբ մօտակայ շէնքերէն կրակոցի ենթարկուած են: 27-ամեայ մարդ մը սպաննուած է, իսկ 10 ուրիշներ, ներառեալ` Տարկեչիթի փոխքաղաքապետ Սինան Աքան, վիրաւորուած են:

Ըստ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի, երկրորդ յարձակում մըն ալ տեղի ունեցած է: Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ թրքական բանակին մէկ դիրքը սահմանին երկու կողմերէն կրակոցի ենթարկուած է: Առնուազն հինգ անձեր վնասուած են: Դէպքը պատահած է Մարտին նահանգի Մծբին գաւառին մէջ:

RIA.ru կը հաղորդէ, որ Պինկէօլ նահանգին մէջ անծանօթներ յարձակում գործած են նահանգի ոստիկանապետին դէմ եւ ծանր վնասուածքներ հասցուցած անոր, ինչպէս նաեւ սպաննած անոր ուղեկցող երեք սպաները:

Յարձակումը տեղի ունեցած է հինգշաբթի երեկոյեան` նահանգի վարչական կեդրոնին մէջ, ուր տեղւոյն ոստիկանապետ Աթալայ Ուրքեր կը ստուգէր վերջերս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զանգուածային ցոյցերու ընթացքին վնասուած հաստատութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ երկուշաբթի օրուընէ ի վեր կը շարունակուին զանգուածային անկարգութիւնները, որոնք կազմակերպուած են քիւրտ բնակչութեան կողմէ` Սուրիոյ տագնապին չմիջամտելու թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Արաբունար քաղաքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւններուն դէմ բողոք արտայայտելու համար Թուրքիոյ մէջ սկսած անկարգութիւնները տեղափոխուած են նաեւ ուսումնական հաստատութիւններ:

Պոլսոյ համալսարանի խումբ մը ուսանողներ սկսած են բողոքել ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւններուն դէմ: Նոյն համալսարանի իսլամական հայեացքներու տէր ուսանողներու խումբ մը անոնց դէմ կանգնած եւ երկու խումբերուն միջեւ վիճաբանութիւն սկսած է:

Պոլսոյ համալսարանի ղեկավարութիւնը կռիւը լուծելու նպատակով դիմած է ոստիկանութեան: Վերջինս 28 ուսանող ձերբակալած է եւ համալսարանին առջեւ հսկողութիւն հաստատած:

Նոյնպիսի անջատ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի Միջինարեւելեան թեքնիք եւ Անգարա համալսարաններուն մէջ: Ձերբակալուած են 25 անձեր: Կին մը վիրաւորուած է: Անգարայի համալսարանը երէկ փակեց իր դռները:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ցոյցերու սկիզբէն ի վեր 31 զոհ եւ 360 վիրաւոր արձանագրուած է:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Խստօրէն Քննադատած Է Թուրքիան` Արդարադատութեան Եւ Մամուլի Ազատութեան Մարզերուն Մէջ Տիրող Վիճակին Համար

Յաջորդը

Իրան Կը Փորձէ Թուրքիան Արաբունարը Փրկելու Համոզել Եւ Զայն Կը Զգուշացնէ Սուրիա Ներխուժելէ

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։