ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ չեմ յաճախած, սակայն այդ մէկը պատճառ մը չէ, որ ներկայ չգտնուիմ դպրոցի յիսնամեակին նուիրուած ընկերային հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ, կիրակի, սեպտեմբեր 28-ին, մանաւանդ որ կինս շրջանաւարտ է Պուրճ Համուտի համանուն առաջին երկրորդական վարժարանէն:
Չեմ յաճախած այդ վարժարանը, սակայն երբ սրահ կը մտնեմ, կը նշմարեմ, թէ ներկաներուն մէջ հազուագիւտ են անծանօթ դէմքերը: Շատերուն ծանօթ եմ զաւարեանական օրերէս, ուրիշներ թաղեցի եղած են, մէկ մասին ալ ծանօթացած եմ կնոջս միջոցով: Ծանօթ եմ նաեւ կարգ մը ուսուցիչներու: Այդ օր ինքզինքս սոֆիայակոբեանական կը համարեմ: Երկար տարիներ, որպէս ՀՄԸՄ-ական մարզիկ, օգտագործած եմ այդ դպրոցին մարզադաշտը: Իբրեւ «Փորձառական թատրոն»-ի անդամ` օգտագործած եմ հանդիսասրահը: Պայմա՞ն է գրասեղանի ետին նստած ըլլալ, որպէսզի հոգեհարազատ զգամ այդ հիանալի հաստատութեան: Հաստատութենէ աւելի բան մըն է անխօս, սակայն խօսուն այդ շէնքը. Պուրճ Համուտի առաջին երկրորդական վարժարանը:
Մեծ թիւով հայ աշակերտներ, որոնք ծարաւը ունէին իրենց ուսումը շարունակելու, չկարենալով Պուրճ Համուտէն հեռու վայրերու երկրորդական վարժարաններ յաճախել, հազիւ աւարտած Պուրճ Համուտի նախակրթարան վարժարաններէն մին, ակամայ կը նետուէին կեանքի ասպարէզ: Մանաւանդ իգական սեռին համար դժուար էր ամէն օր երթալ քաղաքի կողմը, ուր կը գտնուէին գրեթէ բոլոր երկրորդական հայկական վարժարանները: Ծնողներէն շատեր չէին համարձակեր իրենց մատղաշ աղջիկները ղրկել հեռու վայր մը, չունէին նիւթական կարողութիւնը դպրոցական պասով ղրկելու, եւ ահաւասիկ, Պուրճ Համուտի մէջ հիմնուեցաւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը, որ փրկարար լաստի մը դերը կատարեց շրջանի հայութեան:
Շքեղ տօնակատարութիւն մը չէր յիսնամեակի առիթով եղած հաւաքը, ուր ներկայ էին բարձր դասի կղերականներ, ազգային մարդիկ, կուսակցական ղեկավարներ. ընկերային մտերմիկ հաւաք մըն էր, ուր հսկայ Լոս Անճելըսի մէջ ցիր ու ցան եղած նախկին ուսանողներ առիթը ունեցան զիրար վայելելու, հին յիշատակներով նորոգուելու եւ, ինչո՞ւ չէ, իրենց լումաներով օգտակար հանդիսանալու սիրելի վարժարանին, որ այսօր նիւթական դժուար օրեր կ՛ապրի: Այսօր աշակերտութեան բաւական մեծ տոկոսը սուրիահայ գաղթականներ են, որոնք ձգած իրենց ծննդավայրը` ապաստան գտած են մեծ մասամբ հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ եւ բնականաբար նիւթական կարողութիւնը չունին կրթաթոշակ վճարելու: Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր դռները լայն բացած է սուրիահայ գաղթական աշակերտներուն առջեւ: Ոչ մէկ գաղթական հայ պէտք է մնայ առանց ուսումի:
Բեմին վրայ են քոլեճի շրջանաւարտներէն Րաֆֆի Ուրֆալեան եւ Վարուժան Քէօսէեան, որոնք կը խրախուսեն ներկաները` ձեռք երկարելու իրենց սիրելի վարժարանին: Ներկաներէն շատեր անմիջապէս կ՛ընդառաջեն իրենց նուիրատուութեամբ օգտակար հանդիսանալու թէ՛ դպրոցին, թէ՛ սուրիահայ գաղթականներուն, որոնք զրկուած են իրենց տուներէն, սակայն պէտք չէ զրկուին հոգեկան սնունդէն, հայեցի դաստիարակութենէն:
Պաստառի վրայ սահիկներու ցուցադրութիւնը կը շարունակուի: Յիշատակի նկարներ, շրջանաւարտներու հանդէսներ. շատեր յանկարծ ճիչ մը կ՛արձակեն, տեսած են սիրելի ընկերոջ մը նկարը, կամ` յաւերժ բաժնուած դասընկեր մը:
Անի Պէրպէրեան ներկաներուն կը կարդայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ղրկուած շնորհաւորագիրը, ուր բարձր կը դասուի Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը: Բեմ կը հրաւիրուի նախկին տնօրէն Կարօ Պետրոսեան: «Փառք այդ օրուան, երբ վեհափառ հայրապետը Ֆրեզնոյի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ամոլին հետ, որոնք խոստացան յանձն առնել քոլեճի մը շինութեան լրիւ ծախսերը, եւ այսօր, յիսուն տարի է, քոլեճը բազմահարիւր յայտնի դէմքեր շնորհած է հայութեան` գրողներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ, գործատէրեր, քաղաքագէտներ: Տնօրէնին կը յաջորդէ բազմավաստակ ուսուցիչ Հայկազ Թրթռեան: «Նախապէս միայն Նշան Փալանճեան Ճեմարանն ու Անթիլիասի դպրեվանքն էին, որ կը հայթայթէին գրողներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, մտաւորականներ: Այսօր կէս դար անցած է քոլեճի հիմնադրութենէն եւ տասնեակներով մտաւորականներ ու գրողներ իրենց պատրաստութիւնը ստացած են Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ»:
Ներկաներուն մէջ է հանրածանօթ Վահէ Պէրպէրեան: Սոֆիայակոբեանական է: Հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն` չի մոռնար իր դպրոցը: Ներկաները անհամբեր են Վահէն ունկնդրելու: 15 վայրկեաննոց մենախօսութեամբ, Վահէն իր դպրոցական ամբողջ տարեշրջանները կը ներկայացնէ իր հաճելի հիւմուրով:
«Կը կարծեմ, թէ մեր դպրոցը առաջնութիւնը կը շահի, շրջանաւարտներէն աւելի, կէս ձգած կամ հեռացուածներու բանակով, որոնցմէ մէկը ես եմ: Այդ մէկը առիթ տուաւ ինծի, որ սորվիմ «անբաղձալի» բառին իմաստը: Օրական բազմիցս կը լսէի այդ բառը, երբ զիս այդ մակդիրով կ՛անուանէին»:
Այսօր «անբաղձալի» Վահէն դարձած է ամենաբաղձալի արուեստագէտը: Կը պատմէ իրենց կատարած անմեղ չարութիւններէն, կը խօսի ուսուցիչներու մասին, ի մասնաւորի` յայտնի արուեստագէտ Փօլ Կիրակոսեանին մասին, որ դպրոցի նկարչութեան ուսուցիչը եղած էր եւ` Վահէին նախընտրած ուսուցիչը, քանի ինք եւս միշտ ձիրք եւ սէր ունեցած է նկարչութեան հանդէպ: Այնքան հաճելի ձեւով կը պատմէ դասարանին մէջ պատահած դէպքերը: «Մեր դասարանը լեցուն էր «անբաղձալի»-ներով: Խաժակ Շիթիլեան (մեզմէ յաւերժ բաժնուած` շատ երիտասարդ հասակին) մեզմէ տարբեր էր. երբ օր մը մեր տունը եկած էր, մայրս զարմացած ըսաւ` «Դուն խելքը գլուխը տղայ մը կ՛երեւիս, ի՞նչ կ՛ընես ասոնց մէջ»:
Այնքան հարազատ եւ հաճելի ձեւով կը նկարագրէ իր ուսուցիչները: Պարոն Սէֆէրեան, արտաքնապէս խիստ, սակայն խորքին մէջ իսկական հայր մը` հանդէպ իր աշակերտներուն: Ան գիտէ խիստ ըլլալ, որպէսզի դպրոցը պահէ իր մակարդակը, սակայն Վահէ եւ իր ընկերները գտած են «դպրոցէն փախչելու» ձեւը: Տղոց պարտադիր փողկապը, փոխանակ իրենց վզին կապելու, կը պահեն իրենց գրպաններուն մէջ: Պարոն Սէֆէրեան տուն կը ճամբէ զիրենք, պայմանաւ որ վերադառնան փողկապը վիզերնին: Իրենց ուզածն ալ այդ էր: Խմբովին կ՛երթան «Զուլալ»-ին քով` գաւաթ մը սուրճ խմելու եւ ծխելու քանի մը ծխախոտ, ապա, առանց յայտնի ընելու, թէ բոլորը միասին եղած են, մէկ առ մէկ կը վերադառնան դպրոց… փողկապը վիզերնին: Կը պատմէ Փոլ Կիրակոսեանի պահուն պատահած իրարանցումը: Փոլ Կիրակոսեան արուեստագէտ է, ուսուցչութիւնը իր ասպարէզը չէ, սակայն այդ շրջանին տակաւին ոչ հանրածանօթ, նիւթականի կարիքը ունենալուն` կը պաշտօնավարէ իբրեւ գծագրութեան ուսուցիչ: Ներսէս արք. Բախտիկեան, Անթիլիասի վանքէն ղրկուած, որպէսզի հայ աշակերտներուն ծանօթացնէ քրիստոնէական կրօնը:
Քոլեճը ունեցած է տաղանդաւոր ուսուցիչներ, որոնցմէ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ գրագէտ, խմբագիր Պօղոս Սնապեան: Սնապեան հասցուցած է յատուկ սերունդ մը, որոնք պարծանք են հայ գրականութեան, եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ անոնցմէ քանի մը հատը նոյն մականունը կը կրեն:
Խմբագիր-հրապարակագիր` Նազարէթ Պէրպէրեան, բանաստեղծ` Յարութ Պէրպէրեան, թատերագիր, դերասան` Վահէ Պէրպէրեան: Անշուշտ երկար է շարքը Պօղոս Սնապեանին հասցուցած սերունդին, սակայն այժմ գոհանանք միայն պէրպէրեաններով:
Յիսուն տարի առաջ, ուսուցչարանին մէջ քով քովի նստած ուսուցիչներ` Յարութիւն Արսէն, Հայկազ Թրթռեան, պարոն Ճորճիկ եւ նախկին տնօրէն Կարօ Պետրոսեան, այսօր դարձեալ կողք կողքի նստած են դպրոցէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու, Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անդին` տարբեր սեղաններու վրայ դասընկեր-դասընկերուհիներ, գրասեղանի ետին նստելու փոխարէն` հաւաքուած են կերուխումի սեղաններու շուրջ: Շատեր զիրար չեն տեսած երկար տարիներ: Արտաքնապէս փոխուած, «հասուն մարդիկ» դարձած, մեծ մասամբ կեանքի մէջ յաջողած անձեր, սակայն` միշտ երախտապարտ սիրելի դպրոցին:
Ձեռնարկին ներկայ են քանի մը ուսուցիչներ միայն, սակայն յաւերժ բաժնուած են` Նազարէթ Սէֆէրեան, Փոլ Կիրակոսեան, Ներսէս արք. Բախտիկեան եւ քանի մը ամիս առաջ իր հեռացած գործակիցներուն միացաւ Պօղոս Սնապեան:
Անմոռանալի ձեռնարկ մըն էր, լեցուն յիշատակներով, եւ միեւնոյն ժամանակ լեցուն` նուիրատուութեան խոստումներով, որոնք կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն այս նեղ պայմաններուն մէջ` վարժարանը բարելաւելու եւ նպատակներ իրագործելու մէջ:
Լոս Անճելըս, 2014
* Նկարները տրամադրեց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շրջանաւարտ, իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան:


