Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիւ Տասը Պասը

October 10, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐ. Ա. ՏԱՔԷՍԵԱՆ

DSCN0786Թիւ տասը պասին պատմութիւնը սկսաւ երկու տարի առաջ, երբ ԱՌԻ-ի (Արցախ ռուց Ինվեսթմընթ) բաժնետէր անդամներ առաջին անգամ այցելեցին Արցախ: Թիւը տասը հանրային պասը մէկ հատ չէր, այլ երեք էին, անոնք կը կրէին նոյն թիւը` 10: Այս տարի պասերուն թիւը չորս էր: Այցելող 50 հոգինոց խումբին թիւը բարձրացեր էր մօտաւորապէս 80-ի: Երկու տարի առաջ ԱՌԻ-ի ներդրող անդամներուն թիւը 80 էր, իսկ այս տարի` 150, վաղը վստահաբար աւելին…

Թիւ տասը պասով ուղեւորուող անդամները իրենց աչքով տեսան եւ փաստեցին ԱՌԻ ծրագիրի նախաձեռնած գործունէութեան արդիւնքները, գիւղատնտեսական զարգացումը, բնակեցումը, նաեւ` ԱՌԻ-ի գլխաւոր գործընկերոջ` Արցախի պետութեան անշահախնդիր գործակցութիւնը եւ թափանցիկութիւնը: Տեսան վարկառու գիւղացիներուն գոհունակ ժպիտը` ձեռք բերուած իրագործումներուն ի տես, 5000 հեկտար ցանուած արտեր, 2000 եղջերու անասուն, 250 մեղուի փեթակ` Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջանին մէջ, առաջին հանգրուանը աւարտած, Առիաւանի 50 առանձնատուներու մեկնարկը Աղաւնոյ գետի ափին: 50 տուները յաջորդ տարի պիտի ամբողջանան 150 բնակարաններով, ուր պիտի բնակի շուրջ 1000 հոգի` ամրապնդելով ռազմավարական այն հանգուցակէտը, որ Հայաստանը կը կապէ Արցախին:

DSCN0793Ընդարձակող ԱՌԻ-ն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական այրերը գտած էին աշխատանքի եւ գործակցութեան նոր ձեւաչափ: Բարեգործական աւանդական հասկացողութենէն դուրս գալով` անոնք հիմը դրած էին գործելաձեւի ներդրումային նոր դրոյթ մը, ուր շահ կայ երկուստեք` թէ՛ ներդրողի, եւ թէ վարկառուի: ԱՌԻ-ի չորս տարուան փորձառութիւնը եղաւ տնտեսական նոր մշակոյթ, սեփական մարզի եւ պետական մարզի գործակցութեան նոր չափանիշ, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան նոր համաչափ: Արցախի կառավարութեամբ երաշխաւորուած այս կշռութաւոր երթը մեր առջեւ կը բանայ նոր հորիզոններ` ԱՌԻ-ն վերածել տնտեսական համակարգի մը, որուն միջոցով լայն կը բացուին տնտեսական ներգաղթի դռները:

Թիւ տասը պասի մեր ընկերակիցները իրենց շրջագայութեան ընթացքին տեղեկացան, որ իրենց գործակցութեամբ արձանագրուած է 14 տոկոսի բնակեցման աճ, իսկ անասնաբուծութեան` 67 տոկոս: Թիւ տասը պասի չորս պասերը չգոհացան նիւթական եւ առարկայական տուեալներով, անոնց այս այցելութիւնը ծառայեց հայրենաճանաչութեան, բռնի օտարացուած եւ սփիւռքացած մեր հայրենակիցները մտերմացան իրենց սեփական հայրենիքի այս հատուածին հետ, իրարու անծանօթներ դարձան հարազատներ: Առկայ էր հողին ուժը, ինչպէս նաեւ հայրենիքը հզօրացնելու անոնց միասնական համախոհութիւնը: Այդ պասերուն մէջ կար ջերմութիւն, երգ կար, ուխտաւորի ջերմեռանդ հաւատք:

DSCN0796Հասան Կովկասական, կայսերանիստ Տիգրանակերտ, խրոխտ Գանձասար. նորոգուող Տատի վանք. անցան Թարթար գետի կողքով, իրենց դիմաց լեռները Մռաւ, ուր սահմանապահ հայ զինուորը գիշեր-ցերեկ արժանապատիւ կերպով կը պաշտպանէ հողն ու քաղաքացին:

Միջին Արեւելքի քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներուն մէջ ապրող քաղաքացիներս, երբ այցելեցինք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, ի շարս այլ օգտաշատ տեղեկութիւններու, ան վստահեցուց մեզի, որ հայոց բանակը ուժեղ է եւ լաւ կազմակերպուած: Ան մեզ հաղորդակից դարձուց Արցախի իրականութեան, իսկ իր խօսքին աւարտին հաստատեց. «Յետ այսու չե՛նք ցեղասպանուելու…»:

Կը մնայ երախտապարտօրէն շնորհակալութիւն յայտնել ԱՌԻ-ի խորհուրդի անդամներուն, որոնք բծախնդրօրէն կազմակերպեցին այս ուխտագնացութիւնը: Անոնք ակնյայտօրէն համոզեցին մեզ, թէ մեր մասնակցութիւնը եւ գործակցութիւնը բարիին եւ վսեմին հետ է, իսկ գլխաւոր գործօնը վստահութիւնն է, նպատակը`  հայրենաշինութիւն: Շնորհակալութիւն ԱՌԻ-ի հիմնադիր 16 անդամներուն, որոնք տեսլականը ունեցան այս նուիրական գործին եւ հաստատ հիմերով նախագծեցին ճանապարհային քարտեսը այս ձեռնարկին:

DSCN0846Շնորհակալութեան խօսք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեանին` իր ջերմ ընդունելութեան, ինքնավստահ գաղափարներուն, համոզիչ տպաւորութեան, կառավարութեան անդամներուն` իրենց անկեղծ գործակցութեան, յատկապէս վարչապետ Արա Յարութիւնեանին, իր պայծառատես մտածումներուն, առողջ ու անսակարկ գործակցութեան համար:

Թիւ տասը պասը չորս հատ էր, բոլորը տասը թիւով, ունէին մէկ կողմնացոյց` Արցախ: Այս պասերուն մէջ կար ջերմութիւն, ուրախութիւն, երգ, հասարակ անկեղծութիւն: Արցախեան շրջաններուն մէջ դեգերելով ան մեզի ցոյց տուաւ աշխատունակ եւ արարող ժողովուրդը, զարգացող Արցախը, ճոխացող մշակոյթը, պետական տեսչութիւնը, բանող գործարանը, աշնանաերանգ բնութիւն, չխոնարհող լեռները եւ բանակը, վերականգնող Տիգրանակերտը: Մեծն Տիգրանի արիացող հոգին, որ մեզի յուշեց. «Յետ այսու չենք ցեղասպանուելու…»:

 

2 փետրուար 2014

Նախորդը

Հրեայի Եւ Հայու Ձուլում

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 62

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.