Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՄ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՍ, ԱԶԳԻՍ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ

July 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ համայնքի ներկայացուցիչի ձեր պաշտօնավարութեան նախորդ շրջանի աւարտէն ետք որոշեցիք համայնքի ներկայացուցիչի պաշտօնին համար դարձեալ թեկնածութիւն դնել եւ արդէն կրկին ընտրուեցաք ներկայացուցիչ: Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այս մէկը:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ.- Նախորդ նոյեմբերին, թեկնածութիւնս չյայտարարած, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, զանազան անձնաւորութիւններ եւ մտերիմ բարեկամներ փափաքեցան, որ շարունակեմ սկսած գործունէութիւնս: Նկատի ունենալով համայնքային եւ ազգային շահերը եւ մանաւանդ պետական ներկայացուցիչին շատ կարեւոր դերը եւ ներդրումը այս ուղղութեամբ, որոշեցի ընդառաջել վերոյիշեալ փափաքներուն` շարունակելու եւ ամբողջացնելու սկսած աշխատանքս եւ կիսաւարտ ծրագիրները` պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ:

«Ա.».- Նախորդ հինգ տարիներուն ընթացքին կիպրահայ համայնքային կեանքի բարելաւման համար ի՞նչ ծրագիրներ ունէիք եւ անոնցմէ քանի՞ն կրցաք իրականացնել:

Վ. Մ.- Հիմնականին մէջ, ինչ որ ծրագրուած էր, աւելիով կատարուեցաւ: Պաշտօնավարութեանս սկզբնաւորութեան ստեղծեցի ներկայացուցիչի գրասենեակ` լիաժամ աշխատակազմով եւ «Լրատու»ի եռամսեայ հրատարակութեամբ, որդեգրուեցաւ թափանցիկ աշխատանքի դրութիւն: Քաղաքական գրասենեակս զբաղեցաւ գաղութին առնչուող զանազան ընդհանրական եւ անհատական հարցերով. միեւնոյն ատեն Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններու, անձնաւորութիւններու եւ դեսպանութեան պաշտօնական այցելութիւններու ընթացքին անոնց տրամադրութեան տակ դրուեցաւ գրասենեակին կարելիութիւնները:

Կրթական ոլորտին մէջ առաջին հերթին կարելի եղաւ «Նարեկ» վարժարաններու հոգաբարձական նոր կազմը նշանակել` ատակ եւ գործունեայ անձերէ բաղկացած, բարելաւելու համար դպրոցին կրթական մակարդակը: Մեր մատղաշ սերունդին մօտ հայրենիքին հանդէպ սէր ու կապուածութիւն արթնցնելու միտումով, «Նարեկ»ի բոլոր շրջանաւարտներուն համար իրագործուեցաւ 15-օրեայ կրթական պտոյտ` դէպի Հայաստան: Կիպրոսի համալսարանին մէջ սկսան հայոց լեզուի դասընթացքներ` հայերէն սորվիլ փափաքողներուն համար: Հետամուտ եղանք, որ պետական կրթական ծրագիրին մէջ ներառուի ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորաբար կիպրահայ գաղութին պատմականը եւ, վերջապէս, ճիգ չխնայեցինք` առաւելագոյն չափով կրթաթոշակներ ապահովելու մեր հայ ուսանողներուն:

Կիպրահայ երիտասարդութիւնը մեր կողմէ յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ: Պատանիները եւ երիտասարդները իրարու մօտ բերելու համար կազմակերպուեցան զանազան դաստիարակչական դասախօսութիւններ եւ միջոցառումներ, իսկ հայ մարզիկներուն համար նիւթական պատկառելի գումար ապահովուեցաւ` մասնակցելու Երեւանի մէջ տեղի ունեցող վերջին համահայկական խաղերուն:

Նորագոյն հիմնական ծրագիրս, ինչպէս բոլորիդ ծանօթ է, հայկական մանկամսուրի մը ստեղծումն է: Այս հարցը յառաջացած հանգրուանի մէջ կը գտնուի եւ վերոյիշեալ հաստատութեան ստեղծման իրականացումը գոհացում պիտի տայ աշխատող ծնողներու կարիքներուն:

Լիտրա Փալասի մօտ գտնուող հին գերեզմանատան վիճակը հրատապ հարց մըն էր, որ անմիջական լուծումի կը կարօտէր:

Ներքին գործոց նախարարութենէն ապահովուեցաւ անհրաժեշտ գումարը, որուն շնորհիւ վերակառուցուեցաւ ու վերանորոգուեցաւ գերեզմանատունը: 2007-էն սկսեալ, Ազգային իշխանութեան հետ գործակցաբար, տարեկան դրութեամբ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Մակարայ վանք` պահանջատէր մնալով մեր կրօնական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող կալուածներուն համար:

Ինչ կը վերաբերի Վիքթորիա փողոցին վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգութեան, Եու. Էն. Տի. Փի.ի նախաձեռնութեամբ այս ծրագիրը ընթացքի մէջ է: Իսկ 1998-էն անփոփոխ մնացած մեր եկեղեցւոյ տարեկան պետական յատկացումը կարելի եղաւ զգալիօրէն բարձրացնել:

Շարունակելով` ուրախ եմ յայտնելու, թէ երկար տարիներու ձգձգումներէ ետք, 2007-ին կայացան թեմականի ընտրութիւնները` համաձայնութիւն գոյացնելով համերաշխական ցանկի մը շուրջ:

Յիշեմ նաեւ, թէ 2008-ին նախնական քայլեր առնուեցան կազմակերպելու Պաֆոսի հայութեան ազգային կեանքը:

Կիպրոս-Հայաստան կապերը ամրապնդելու եւ հայ մշակոյթը օտար հասարակութեան ծանօթացնելու նպատակով Կիպրոսի մէջ կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի անուանի արուեստագէտներ: Մշակութային միջոցառումներուն գագաթնակէտը հանդիսացան անցեալ նոյեմբերին հանրածանօթ Արա Գէորգեանի եւ իր նուագախումբին աննախընթաց ելոյթները` հանրապետութեան յիսնամեակին նուիրուած: Այս բոլորին կողքին, շաբաթական դրութեամբ կազմակերպուեցաւ հայկական պարի անվճար ուսուցում` 6-12 տարեկան փոքրիկներու համար:

Կիպրահայութիւնը տեղացի ժողովուրդին առաւել ծանօթացնելու նպատակով նախաձեռնուեցաւ «Կիպրոսի հայ համայնքը» վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան, միեւնոյն ատեն յունատառ թերթերուն մէջ ամսական դրութեամբ հրատարակուեցան յօդուածներ, եւ իրականացաւ կիպրահայ համայնքի արդիական կայքէջը:

Քաղաքական բնագաւառին մէջ եւ պաշտօնի բերումով, Կիպրոսի եւ արտասահմանի մէջ մասնակցեցայ զանազան խորհրդաժողովներու եւ աջակցութիւնս բերի Կիպրոս կատարուած պաշտօնական բոլոր այցելութիւններուն` ի մասնաւորի նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի պատմական այցելութիւններուն:

Մասնակցեցայ նաեւ նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիասի եւ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի Հայաստան կատարած այցելութիւններուն:

Հովանաւորեցի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վերակազմակերպման աշխատանքները, որոնք վերջերս մեծ նուաճումներ արձանագրեցին:

Կապեր հաստատեցի Կիպրոսի Եւրոխորհրդարանի անդամներուն հետ եւ իբրեւ արդիւնք` ապահովեցի անոնց օժանդակութիւնը Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստերուն` ի նպաստ հայկական կողմին:

Տեղական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ Եւրոպական Խորհրուրդի պատուիրակութիւններուն հետ տարուած յարատեւ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` երկար տարիներէ ի վեր կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ունեցած սահմանափակ հանգամանքը նշանակալի բարելաւում արձանագրեց: Այս ձեռքբերումին պտուղները պիտի քաղենք յառաջիկայ տարիներուն, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործենք ստեղծուած առիթները:

Տեղին է յիշել, թէ կիպրական բանակի մէջ ծառայութեան գծով աշխատանք տարուեցաւ,  որ կիպրահայ զինուորները իրենց բնակավայրը համարուող քաղաքներուն մէջ ծառայեն:

Մարդասիրական գետնի վրայ, օժանդակութիւն տրուեցաւ մեր համայնքի անդամներուն, որպէսզի կարենան բնակարան ապահովել Կիպրոսի հողի զարգացման հիմնարկէն, ինչպէս նաեւ չմոռցանք հետամուտ ըլլալ` ապահովելու տարեցներու իրաւունքները:

Կը հաւատամ, որ յատկապէս կարողացայ յաջողցնել այն ծրագիրները, զորս նպատակ ունէի իրագործելու: Նկարագիրով այնպիսի անձ մըն եմ, որ կը նախընտրեմ քիչ բաներ խոստանալ եւ իրագործել, փոխանակ բազմաթիւ անիրագործելի խոստումներ տալու: Մայիս 2006-ի ընտրութիւններու նախօրեակին յայտարարած էի, թէ մեր գործունէութեան հիմնական երեք առանցքները պիտի ըլլային թափանցիկութիւնը, համերաշխութիւնը եւ արժանիքներու հիման վրայ կատարուող նշանակումները: Ընտրուելէ ետք, այս առանցքները հիմքը հանդիսացան տարած գործունէութեանս, որոնց խօսուն օրինակները ծանօթ են բոլորիդ:

Հ.- Կարելի՞ է գիտնալ, որ այս պաշտօնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է ձեր անձնական կեանքին, ընտանիքին եւ գործին վրայ: Կրնա՞նք ենթադրել, որ նոյն եռանդով ու նոյն գործելակերպով պիտի շարունակէք նաեւ յաջորդ հնգամեակը:

Վ. Մ.- Բոլոր գործակիցներս եւ ընտանիքիս անդամները կրնան վկայել, թէ կեանքս մեծապէս փոխուած է մայիս 2006-էն ի վեր: Սակայն այս մէկը տեղի ունեցաւ ամենայն գիտակցութեամբ եւ անձնական համոզումով: Շատ լաւ գիտէի, թէ անձիս եւ ընտանիքիս տրամադրելիք ժամերէս պէտք է զոհեմ ծառայելու համար ազնիւ նպատակի մը` համայնքիս, ազգիս ու հայրենիքիս բարօրութեան եւ զարգացման համար,  առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:

Գիտակցելով այս բոլորին, լրջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ մօտեցայ այս պաշտօնին եւ պատրաստ եմ նոյն լրջութեամբ ու կորովով շարունակելու յաջորդ հնգամեակը:

Հ.- Ձեր կարծիքով ինչպիսի՞ վախճան կրնան ունենալ ներկայիս ընթացող կիպրական հարցի ուղղակի բանակցութիւնները եւ ի՞նչ նշանակութիւն կրնան ունենալ կիպրահայ համայնքին համար: Մեր համայնքը պատրա՞ստ է հաւանական փոփոխութիւնները դիմակայելու:

Վ. Մ.- Դժբախտաբար հորիզոնին վրայ չկան կիպրական հարցի անմիջական կամ մօտակայ ապագային լուծման շօշափելի նշաններ: Եթէ թրքական կողմը չփոխէ իր կարծր կեցուածքը, այս կացութիւնը չի կրնար փոխուիլ: Հաւանական լուծում մը կիպրահայ համայնքը զանազան նոր կացութիւններու առջեւ կրնայ դնել: Այս կացութիւնը դիմագրաւելու համար, իբրեւ համայնք, պէտք է պատրաստ ըլլանք օգտուելու մեզի տրուած առիթներէն եւ միաժամանակ շրջանցենք այնպիսի կացութիւններ, որոնք կրնան վնաս բերել մեր համայնքային կառոյցներուն եւ իրաւունքներուն: Այս կացութիւնը լաւագոյն ձեւով դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է սերտ գործակցութիւն` Ազգային իշխանութեան, համայնքային կազմակերպութիւններու եւ պետական ներկայացուցիչին միջեւ:

Նախորդը

ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ ՀԱՅԱՄԷՏ «FAKTOR 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ԾՆՈՒՆԴ

Յաջորդը

ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ 2006-Ի ՔԱԼՉԻՈՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.