Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ ՀԱՅԱՄԷՏ «FAKTOR 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ԾՆՈՒՆԴ

July 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխարհը կը հարստանայ թրքալեզու նոր ելեկտրոնային թերթի` «Faktor 301» («Ֆաքթէօր 301» գործօն 301) ծնունդով: «Ֆաքթէօր 301»ը հայկական քաղաքական մշակութային համացանցային թերթ է:

Թրքերէն ընթերցողին համար թերթը հրապարակումներ կը ներկայացնէ իր 15 բաժիններուն մէջ.

1.- Ֆաքթէօր 301-ին ոսպնեակէն
2.- Յօդուածներ
3.- Հայոց ցեղասպանութիւն
4.- Հարցազրոյց
5.- Մշակոյթ-արուեստ
6.- Ականաւորներ
7.- Հայերու յուշատետր
8.- Հայաստանի Հանրապետութիւն
9.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն
10.- Արեւմտեան Հայաստան
11.- Ջաւախք
12.- Նախիջեւան
13.- Կիլիկիա
14.- Լուրեր
15.- Երէկ եւ այսօր:

Վերոնշեալ բաժիններու վերնագիրներէն արդէն կրնանք կողմնորոշուիլ, թէ համացանցային ամսաթերթը ինչ ուղղութիւն որդեգրած է:

«Ֆաքթէօր 301»ը նկարներով հարուստ հիմնական տեղեկութիւններ եւ տուեալներ կը ներկայացնէ համայն հայութեան, հայկական հարցին, Հայ դատին ու մանաւանդ բռնագրաւուած հողերու մշակութային եւ քաղաքակրթական աւանդին մասին:

Փորձառական շրջանի մը համար երեք ամիսներէ ի վեր հրապարակուող թերթը ամսական թարմացումով ընթերցողին կը տրամադրէ «Ֆաքթէօր 301-ին ոսպնեակէն» բաժինով իր խմբագրականը, տեսակէտը, նիւթի մը կիզակէտը կամ նիւթ մը լուսարձակի տակ կ՛առնէ` կեդրոնանալով ամսուան կարեւոր իրադարձութեան մը վրայ: Օրինակ` անդրանիկ թիւին մէջ կը կարդանք թերթի ուղերձը իր ընթերցողներուն, թերթի անունի «Ֆաքթէօր 301» (Գործօն 301) բացատրութիւնը:

Ինչպէս նշուած է իր ընթերցողներուն ուղղուած ուղերձին մէջ, թերթի հիմնական նպատակներէն է Հայաստանի, տարածաշրջանի եւ աշխարհի մասին ճանաչողական նիւթերու ապահովումը կայքէջի այցելուներուն համար:

Խմբագրականին մէջ ուշագրաւ է նաեւ այն հանգամանքը, որ «Ֆաքթէօր 301»ի թիրախներէն են Թուրքիոյ մէջ ապրող թրքախօս հայերը, իսլամացած հայերը, սփիւռքի թրքախօս հատուածը` Թուրքիայէն դուրս, թուրք ազատական մտաւորականներ եւ ինչու չէ այն հասարակ ընթերցողը, որ կը հետաքրքրուի մեր նիւթերով: Այստեղ բնականաբար խօսք ուղղուած է քարոզչութենէ աւելի ապատեղեկատուութիւն տարածող լրատուական զանգուածին նաեւ ուղղուած է:

Թերթին նպատակներէն է նաեւ բռնագրաւուած հողերու եւ Ղարաբաղեան հարցին մասին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել:

«Ֆաքթէօր 301-ին ոսպնեակէն» բաժնի յունիսի թիւին մէջ կը կարդանք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրութեամբ ալ ճշդուած Եռագոյնի տօնին մասին` ծանրանալով Եռագոյնի սրբութեան վրայ: Իսկ յուլիսին` «Թրքական վրէժխնդրութեան ջոկատ»ի (ԹԻԹ) սպառնական գիրի մասին, որ ուղղուած էր հայերուն, «Ակօս»ին եւ այլն:

Միւս կողմէ, «Ֆաքթէօր 301»ը ընթերցողին կը ներկայացնէ ազգային նիւթեր, դէպքեր, դէմքեր եւ այլն, օրինակ` Արամ Մանուկեան, Յակոբ Օշական, Մայիսեան անկախութիւն, Շուշիի ազատագրում, Համշէնահայերու ինքնութիւնը, եւ այլն:

«Երէկ եւ այսօր» բաժինը շատ հետաքրքրական, այժմէական ու փաստագրական է այն իմաստով, որ այս գլուխը կ՛ընտրէ հայկական յուշակոթող, եկեղեցի, շրջան կամ այլ վայր մը, որուն մասին լայն բացատրութիւն տալէ ետք կը ներկայացնէ այդ վայրին անցեալի եւ ներկայի երկու լուսանկարները:

Փաստօրէն երեք ամսուան աշխատանքի իբրեւ արդիւնք կարելի է ըսել, որ «Ֆաքթէօր 301»ը կը միտի բծախնդիր, ծրագրուած, թրքական մամուլին որպէս ամէնօրեայ հետեւող-զննող, խեղաթիւրուած լուրեր եւ ապատեղեկատուութիւններ տարածող լրատուամիջոցներուն հակազդող, ճշմարիտ տեղեկութիւններ փոխանցող համապարփակ աշխատանք տանող կայքէջ մը ըլլալ:

Նշենք որ կայքէջի հասցէն է. www.faktor301.com

Բարի երթ «Ֆաքթէօր 301»ին, որ վստահաբար իր ուրոյն տեղը պիտի գրաւէ այլ թրքալեզու, սակայն հայամէտ համացանցային թերթերու շարքին:

Նախորդը

ԱԼԵՒԻՆԵՐԻ ՊԱՅՔԱՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅՈՒՄ ԱՐԴԻ ՓՈՒԼՈՒՄ (Բ.)

Յաջորդը

«ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՄ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՍ, ԱԶԳԻՍ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.