Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաթուլ Ալթունեան (1901-1973). Երգ Ու Պարի Կախարդանքին Առինքնող Դէմքը

October 7, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.

1007-Tatoul Altounian_Հոկտեմբեր 2-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի, որուն անունն ու գործը անմահացան` իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի երգի ու պարի պետական համոյթին:

Գեղարուեստական բարձրորակ ճաշակով ու յղացումներով օժտուած երաժիշտն ու խմբավարը եղաւ Թաթուլ Ալթունեան, որ իբրեւ հայ մշակոյթի մեծ ժառանգութեան աւետաբեր` հայոց երգ ու պարի կախարդական աշխարհը բացաւ ոչ միայն սեփական ժողովուրդին, այլեւ ողջ մարդկութեան առջեւ, հմայելով արուեստի ծարաւ բոլոր հոգիները անխտիր:

Ինչպէս բոլոր իրա՛ւ արուեստագէտներու պարագային, մարդուն եւ մարդկայինին նկատմամբ անհուն սէրն ու ջերմեռանդ պաշտամունքը առաջնորդող լոյսը դարձաւ Թաթուլ Ալթունեանի, որ խորապէս հաւատաց եւ անվհատ ստեղծագործեց այն մղումով, թէ`

«Երբեմն մի պտղունց բարութեամբ կարելի է չարութեան մի բլուր փլցնել»:

Երգ ու պարի աշխարհին մեծավաստակ վարպետը ծնած էր 113 տարի առաջ, հոկտեմբեր 2-ի այս օրը, հայկական Կիլիկիոյ գեղատեսիլ, բայց թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով արեան բաղնիքի վերածուած Ատանայի մէջ:

Ծնած էր Տիգրան Ալթունեանի ընտանեկան համեստ յարկին տակ եւ կնքուած էր հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներէն Քաջն Թաթուլի անունով:

Ծնած ըլլալով հայ ժողովուրդի փառքի եւ ողբերգութեան ժամանակաշրջանին` 20-րդ դարասկիզբին, Կիլիկիոյ հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Ատանա քաղաքին մէջ աչքերը բացած Թաթուլ Ալթունեանը, հայոց դաժան ճակատագրին իբրեւ հետեւանք, երկար չվայելեց բնական գեղեցկութեամբ յատկորոշուող իր ծննդավայրը:

Ընդհակառա՛կն, մանուկ տարիքին ճաշակեց դառն բաժակը 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտին, իսկ 1915-ին, արդէն 14-ամեայ պատանի, Թաթուլ Ալթունեան անձամբ ապրեցաւ արհաւիրքը Մեծ եղեռնին:

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական տեղահանութեան ու սպանդի, արեան ու սուգի ճանապարհները կտրելով, հայոց մեծ խաչելութենէն մազապուրծ, պատանի Թաթուլ Ալթունեան ապաստանեցաւ Երեւան:

Ի վերուստ երաժշտական տաղանդով օժտուած հայ պատանի գաղթականին համար Երեւանը դարձաւ անփոխարինելի իր մեծ օճախը` Թաթուլ Ալթունեանին տալով հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնելու թէ՛ երաժիշտի ու խմբավարի իր ընդունակութիւնները, թէ՛ հայոց երգ ու պարի առինքնող աշխարհին խորաթափանց ճանաչողութիւնը, թէ՛ ազգային¬ժողովրդական շունչով ստեղծագործելու տաղանդը:

Թ. Ալթունեան 1928-ին աւարտեց Երեւանի, իսկ 1934-ին` Լենինկրատի (այժմ` վերստին Սան Փեթերսպուրկ անուանակոչուած) երաժշտանոցները: 1934-էն իսկ սկսաւ դասաւանդել Երեւանի երաժշտանոցին մէջ:

1935-էն մինչեւ 1949 թուականը, տարբեր հանգրուաններով, Թ. Ալթունեան ստանձնեց ղեկավարութիւնը Երեւանի երաժշտանոցին եւ Հայաստանի պետական երգչախումբերուն: Իսկ 1938-էն մինչեւ 1970 տեւաբար ղեկավարեց Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթը (անսամպլը, որ իր մահէն տարի մը ետք, 1974-ին, պաշտօնապէս կոչուեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի անունով):

Թաթուլ Ալթունեան 1958-էն մինչեւ 1973 վարեց նախագահութիւնը Հայաստանի Երգչախմբային ընկերութեան, իսկ 1966-69 միաժամանակ ղեկավարեց ընկերութեան երգչախումբը:

ph138797783064Այդպէ՛ս, շուրջ քառասուն տարի, Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեան տակ, հայ թէ օտար բեմերու վրայ, խորհրդային կողմն աշխարհի թէ երկրագունդի ողջ տարածքին, ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ հնչեցին ու լայն ժողովրդականութեան արժանացան Կոմիտասի «Գարուն»-ը, «Կալի երգը», «Սոնա եար»-ը, «Լօ, լօ»-ն, «Անձրեւն եկաւ»-ը, «Քաղհան»-ը, նոյնպէս` Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի «Գացէք, տեսէք»-ը, «Զինչ ու զինչ»-ը, Սպիրիդոն Մելիքեանի «Թխկոնդա», «Պիլիբի» երգերը, հայկական ժողովրդական երգերու բազում մշակումներ, հայկական, ռուսական, արեւմտաեւրոպական խմբերգային ստեղծագործութիւններ:

Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական մեծ տաղանդին անմահ վկաներն են ինքնատիպ ոճով իր մշակումները ոչ միայն Կոմիտասի եւ Ս. Մելիքեանի, այլեւ իր իսկ կողմէ ձայնագրուած գուսանական եւ ժողովրդական երգերուն ու պարեղանակներուն, ինչպիսիք են «Հոյ, իմ նազանի եարը», «Նուբար, Նուբար»-ը, «Եաման եար»-ը, «Հոպինա»-ն, «Խամբաջի»-ն, «Քա, դէ եսիմ»-ը եւ այլն:

Թաթուլ Ալթունեան հեղինակն է նաեւ մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս հանդիսատեսին կողմէ այնքա՜ն սիրուած «Սեւանի», «Նազելի», «Նազպար», «Արտաշատի» եւ այլ պարեղանակներուն:

Երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական շրջապտոյտներով, երկար տարիներ եւ բազում անգամներ, Թաթուլ Ալթունեան գտնուեցաւ սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայօճախներուն մէջ եւ մեծապէս նպաստեց տեղական երգի-պարի կամաւոր ու սիրողական խումբերուն կատարողական վարպետութեան բարձրացումին: Մեծ վարպետին անունով կոչուեցան Գահիրէի, Պուէնոս Այրեսի եւ այլ գաղութներու հայկական երգի-պարի համոյթները:

Մեծատաղանդ խմբավարին, երաժշտական ուսուցիչին եւ Հայաստանի պետական երգչախումբին ու Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթին վաստակաշատ հիմնադիրին նուիրուած ոգեկոչման ու մեծարանքի այս ամփոփ վկայութիւնը եզրափակելու համար յատուկ կարեւորութեամբ կ՛արժէ շեշտել, որ Թաթուլ Ալթունեան եղաւ նաե՛ւ պատգամի տէր հայը: Թաթուլ Ալթունեան միշտ վառ պահեց անհուն բարութիւնը մեր ժողովուրդին` ծանրագոյն հարուածներէ վերապրելու եւ մարդուն ու աշխարհին նկատմամբ իր հաւատքը չկորսնցնելու հայու ազգային հրաշազօր լաւատեսութեամբ:

Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրի արհաւիրքէն յարութիւն առած Հայաստանի ու հայութեան հաւատքով, մեր ժողովուրդի բազմադարեան լուսաւոր երթը նոր հորիզոններու բանալու ստեղծագործական անշէջ հուրով վարակուած` Թաթուլ Ալթունեան հայ մշակոյթի ու արուեստի վերանորոգման կենսունակութեամբ պատասխանեց Չարակամին եւ, արժանաւորապէ՛ս, իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճեց վերապրող հայութեան փիւնիկեան յարութիւնը թեւաւորող հոգեմտաւոր առաջնորդներու անզուգական փաղանգին մէջ:

 

Նախորդը

Վերադարձնել Անոնց Ոսկեայ Տարիները

Յաջորդը

Երեք Պատերազմի Երեք Լուսանկարների Հետքերով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.